Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/01 էջ 8
  • Սէրը Մեզ կը Մղէ Քարոզելու

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սէրը Մեզ կը Մղէ Քարոզելու
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Քու Տէր Աստուածդ սիրես»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Մեր Ծառայութիւնը՝ Ճշմարիտ Սիրոյ Արտայայտութիւն մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Քարոզելը՝ Պատուական Առանձնաշնորհում Մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 3/01 էջ 8

Սէրը Մեզ կը Մղէ Քարոզելու

1 Որպէս Եհովայի Վկաներ, շատ լաւ ճանչցուած ենք որպէս Թագաւորութեան պատգամին եռանդուն քարոզիչներ։ (Մատթ. 24։14) Համայն աշխարհի մէջ աւելի քան վեց միլիոն անհատներ գործունեայ են. նորեկներ կ’աւելնան, երբ քարոզչութեան մէջ մեզի միանան։ Թիւերը կը հաշուըուին այս գործին մէջ բերուած մասնակցութեան հիման վրայ։

2 Ի՞նչ բան կը մղէ մեզ որ յօժարինք այսպիսի դժուար նշանակում մը ընդունելու։ Ո՛չ ճնշում կը բանեցուի մեր վրայ, ո՛չ նիւթական շահեր կ’առաջարկուին, ո՛չ ալ մասնայատուկ պատիւ կը շնորհուի մեզի։ Սկիզբը, մեզմէ շատեր վախցան, քանի որ անորակելի զգացին, իսկ հանրութեան հակազդեցութիւնը յաճախ նպաստաւոր չէր։ (Մատթ. 24։9) Մեզ դիտողներուն մեծամասնութիւնը չի կրնար հասկնալ թէ ի՛նչ բան մղում կու տայ մեզի։ Զօրաւոր պատճառ մը ունենալու ենք որ յարատեւենք։

3 Սիրոյ Զօրութիւնը. Յիսուս մեծագոյն պատուիրանը բնորոշեց, երբ ըսաւ թէ ‘մեր Տէր Աստուածը պէտք է սիրենք մեր բոլոր սրտովը եւ մեր բոլոր անձովը ու մեր բոլոր մտքովը եւ մեր բոլոր զօրութիւնովը’։ (Մար. 12։30) Եհովայի հանդէպ մեր սէրը արմատացած է, իր ո՛վ եւ ի՛նչպիսի մէկը ըլլալուն հանդէպ գնահատութեան խոր զգացումներու մէջ. ան Գերիշխանն է, բոլոր բաներու Ստեղծիչը, որ ‘արժանի է, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու’։ (Յայտ. 4։10բ) Իր սքանչելի յատկութիւնները անբաղդատելի են։—Ել. 34։6, 7

4 Եհովան ճանչնալը եւ սիրելը մեզ կը մղէ որ մարդոց առջեւ մեր լոյսը փայլեցնենք։ (Մատթ. 5։16) Մեր լոյսը կը փայլի, երբ հանրապէս զինք փառաբանենք, իր սքանչելի գործերուն մասին խօսինք, եւ իր Թագաւորութեան պատգամը տարածենք։ Երկինքը թռչող հրեշտակին նման, մենք ‘յաւիտենական աւետիսը ունինք՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն’։ (Յայտ. 14։6) Համաշխարհային քարոզչութեան ետին եղող ոյժը մեր սէրն է։

5 Աշխարհ մեր քարոզչութիւնը «յիմարութիւն» կը նկատէ, որու կարեւորութիւն պէտք չէ տրուի։ (Ա. Կորն. 1։18) Մեր գործը խափանելու համար համաշխարհային ջանքեր թափուած են։ Մեր հաւատարիմ սէրը մեզ զօրացուցած է որ առաքեալներուն նման յայտարարենք. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ . . . Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 4։20. 5։29) Քարոզչութեան գործը կը շարունակէ աշխարհի բոլոր կողմերը ծաւալիլ, ի հեճուկս հակառակութեան։

6 Եհովայի հանդէպ մեր սէրը բոցավառ կրակի պէս է, որ մեզ կը մղէ իր առաքինութիւնները հռչակելու։ (Երեմ. 20։9. Ա. Պետ. 2։9) Պիտի շարունակենք ‘անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմել, վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ’։—Եսայ. 12։4, 5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել