Հունձքին Մէջ Լիովին Բաժին Բերենք
1 Եհովայի վաղեմի մարգարէները, ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոս, խօսեցան հաւաքումի գործի մը մասին։ (Եսայ. 56։8. Եզեկ. 34։11. Յովհ. 10։16) Ներկայիս, այսպիսի գործ մը կը կատարուի, մինչ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ կը քարոզուի։ (Մատթ. 24։14) Աստուծոյ ծառայութիւն ընողներուն եւ ծառայութիւն չընողներուն միջեւ տարբերութիւնը շատ բացայայտ կը դառնայ։ (Մաղ. 3։18) Ասիկա մեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ։
2 Անձնական Պատասխանատուութիւն մը. Կրնանք Պօղոսի օրինակէն սորվիլ, որ քրիստոնէական ծառայութիւնը առաջ տանելու մէջ լիովին բաժին բերած էր։ Ան քարոզելը պարտաւորութիւն մը նկատեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ պատեհութիւնը ունենային բարի լուրը լսելու եւ փրկուելու։ Ասիկա մղեց զինք որ անոնց սիրոյն անխոնջօրէն աշխատի։ (Հռովմ. 1։14-17) Մարդկութեան դիմագրաւած վտանգաւոր կացութեան ի տես, մեզի նշանակուած թաղամասերուն մէջ գտնուողներուն քարոզելու աւելի մեծ պատասխանատուութիւն մը չե՞նք զգար։—Ա. Կորն. 9։16
3 Ստիպողական Քայլեր Առնելու Ժամանակ մը. Քարոզչութիւնը կրնայ նմանցուիլ փնտռել–եւ–փրկելու գործողութեան մը։ Մարդիկը պէտք է գտնել եւ անոնց օգնել որ ուշ չեղած՝ ապահով վայր մը փոխադրուին։ Ժամանակը սահմանափակ է։ Կեանքեր վտանգի տակ են։ Զարմանալի չէ որ Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց, որ ‘հունձքին Տէրոջը աղաչեն, որ մշակներ հանէ իր հունձքին’։—Մատթ. 9։38
4 Մեր օրերու ստիպողականութեան գիտակցելով, Թագաւորութեան հրատարակիչներէն շատեր այս կենարար գործունէութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը աւելցուցած են։ Հիրոհիսա անունով պատանի մը, իր մօր եւ իրմէ փոքր չորս եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ տան մը մէջ կ’ապրէր։ Ան իր ընտանիքին նիւթական պէտքերը կը հոգար, ամէն առաւօտ ժամը երեքին արթննալով, որպէսզի օրաթերթ բաժնէր։ Ասով հանդերձ, Հիրոհիսա ուզեց ծառայութեան մէջ իր մասնակցութիւնը աւելցնել, ուստի՝ կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսաւ։ Կերպեր կա՞ն որպէսզի այս անկրկնելի գործին աւելի լիովին կարենաք մասնակցիլ։
5 «Մնացած ժամանակը կարճցած է»։ (Ա. Կորն. 7։29, ՆԱ) Հետեւաբար, թող որ մեր կարելին ընենք, երկրի վրայ այժմ կատարուող ամենակարեւոր գործին մէջ՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ աշակերտել։ Յիսուս այս ծառայութիւնը նմանցուց հունձքի գործին։ (Մատթ. 9։35-38) Հունձքին մէջ լիովին բաժին բերելով, թերեւս մեր աշխատանքին պտուղը ըլլայ՝ անհատի մը օգնել որ Յայտնութիւն 7։9, 10–ի մէջ նկարագրուած երկրպագուներու մեծ բազմութեան միանայ։