Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/01 էջ 4-8
  • Ի՞նչ Է Նպատակը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ Է Նպատակը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աշակերտները՝ Մեր Անուան Ետին Եղող Կազմակերպութեան Առաջնորդենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Ժողովներուն Ներկայ Գտնուին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • «ԵՀՈՎԱՅԻ ՏՈՒՆԸ ԵՐԹԱՆՔ»
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Գիտութիւն Գրքով Ի՛նչպէս Աշակերտել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 10/01 էջ 4-8

Ի՞նչ Է Նպատակը

1 Ինչո՞ւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։ Միա՞յն գիտութիւն փոխանցելու, մարդոց կեանքերը բարելաւելու, կամ՝ ապագայի նկատմամբ լաւատես հայեցակէտ մը տալու համար։ Ո՛չ։ Մեր գլխաւոր նպատակն է՝ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ պատրաստել։ (Մատթ. 28։19. Գործք 14։20) Այս պատճառաւ ալ, անհատները որոնց հետ կ’ուսումնասիրենք, պէտք է ժողովքին հետ ընկերակցին։ Անոնց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է քրիստոնէական կազմակերպութեան հանդէպ անոնց ունեցած սրտանց գնահատութեան հետ։

2 Ասիկա Ի՛նչպէս Իրագործել. Սկիզբէն իսկ, աշակերտը շարունակ յորդորեցէք որ ժողովներուն ներկայ գտնուի։ (Եբր. 10։24, 25) Բացատրեցէք թէ ասոնք ի՛նչպէս իր հաւատքը պիտի զօրացնեն, իրեն պիտի օգնեն Աստուծոյ կամքը ընելու, եւ պիտի հայթայթեն օգտակար ընկերակցութիւն անոնց հետ, որոնք կը փափաքին Եհովան փառաբանել։ (Սաղմ. 27։13. 32։8. 35։18) Ժողովքին եւ ժողովներուն հանդէպ ձեր սիրոյ ու գնահատութեան արտայայտութիւնները, հոն ներկայ գտնուելու իր փափաքը պիտի սրեն։

3 Նորեկներ պէտք է հասկնան թէ Եհովայի կազմակերպութիւնը միջազգային եղբայրակցութիւն մըն է։ Անոնց ցոյց տուէք Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը եւ Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը պատկերիզները։ Անոնց օգնեցէք որ գնահատեն թէ Եհովա համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր նուիրուած անհատներ կը գործածէ, իր կամքը կատարելու համար։ Այս նորեկները տեղեակ պահեցէք թէ Աստուծոյ ծառայելու հրաւէրը իրենց ալ տրուած է։—Եսայ. 2։2, 3

4 Մեծ ուրախութեան պատճառ մըն է տեսնել Աստուածաշունչի աշակերտ մը, Յիսուսի ճշմարիտ աշակերտը կը դառնայ։ Ասիկա՛ է մեր նպատակը։—Գ. Յովհ. 4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել