Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/02 էջ 4
  • Ներդաշնակօրէն Միացած Եղէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներդաշնակօրէն Միացած Եղէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնէական միութիւնը Աստուած կը փառաւորէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Քրիստոնէական Իսկական Միութիւն՝ Ի՞նչպէս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Եհովան իր ընտանիքը կը համախմբէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Կրնա՛ս բաժին բերել մեր քրիստոնէական միութիւնը զօրացնելու մէջ. բայց ինչպէ՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 7/02 էջ 4

Ներդաշնակօրէն Միացած Եղէք

1 Ո՞րքան յաճախ հիացած էք մարդկային մարմնի ճարտար կազմուածքին վրայ։ (Սաղմ. 139։14) Մարմնի իւրաքանչիւր անդամ ներդաշնակօրէն կը գործէ միւսներուն հետ։ Աստուծոյ Խօսքը քրիստոնէական ժողովքը կը նմանցնէ լաւ համակարգուած մարմնի մը։ Գլուխին՝ Քրիստոսի՝ ներքեւ, ժողովքին բոլոր անդամները ‘ներդաշնակ միասնութեամբ մը իրարու կապուած են, բոլոր յօդերու օգնութեամբ’։ (Եփ. 4։16ա, Անթիլիաս) Այսպէս, Եհովա կարող է իր միացած ժողովուրդը գործածել հոյակապ բաներ իրագործելու համար։

2 Առաջին դարու ժողովքին անդամները «միաբանութեամբ» գործեցին, մէկը միւսին հոգեւոր եւ նիւթական կարիքները հոգալով։ (Գործք 2։44-47) Եհովայի աջակցութեամբ, անոնք միասնակամօրէն վայրագ հալածանք դիմագրաւեցին ու յաղթահարեցին։ (Գործք 4։24-31) Անոնք Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանեցին ո՛ւր որ ալ գացին, այն ատեն ճանչցուած աշխարհը բարի լուրով ծածկելով։ (Կող. 1։23) Արդի ժամանակներուն, քրիստոնէական ժողովքը միասնակամօրէն նոյն բաները կատարած է աւելի մեծ տարողութեամբ։ Ի՞նչ ազդակներ կը նպաստեն այս միութեան։

3 Իրարու Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով. Համայն աշխարհի մէջ, միացած ենք մեր պաշտամունքով։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Կ’ընդունինք ‘ատենին հոգեւոր կերակուր’ հայթայթելու Եհովայի տեսանելի խողովակը։ (Մատթ. 24։45) Նաեւ կը գնահատենք իր կողմէ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’, որոնք ժողովքին մէջ կը ծառայեն որպէս ուսուցիչներ։ Մինչ խոնարհութեամբ կ’ընդունինք հոգեւորապէս մեզ կերակրելու Եհովայի կարգադրութիւնները, Աստուծոյ Խօսքին մասին մեր հասկացողութիւնը կ’աճի եւ մեր մէջ կ’արթնցնէ հասարակաց փափաք մը, որ Յիսուսը ընդօրինակենք որպէս իր աշակերտները։ Պէտք է շարունակենք Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել, անկեղծօրէն ջանալով ‘հաւատքին միաբանութեանը հասնիլ’։ (Եփ. 4։8, 11-13) Մեր հոգեւոր միութեան նպաստ կը բերէ՞ք Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով։

4 Միացած՝ Քրիստոնէական Ընկերակցութեամբ. Սէրը մեզ սերտ ընկերակցութեան մէջ կը բերէ քրիստոնէական ժողովներուն։ Այս ժողովներուն մէջ, ‘իրարու հոգ կը տանինք’։ (Եբր. 10։24, 25) Ասիկա կը պարփակէ դրսերեւոյթէն անդին նայիլ եւ իրապէս ճանչնալ մեր եղբայրները, զիրենք տեսնելով ինչպէս Եհովան կը տեսնէ, որպէս թանկագին անհատներ։ (Անգ. 2։7, ՆԱ, ստորանիշ) Մինչ անոնց հաւատքի արտայայտութիւններուն մտիկ կ’ընենք, անոնց հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ եւ մեր միութիւնը կ’ամրապնդուի։ Ճանչցուա՞ծ էք որպէս անհատ մը, որ կանոնաւորաբար ժողովքի ժողովներուն ներկայ կը գտնուի։

5 Դաշտին Մէջ Գործակիցներ. Հաւատակիցներուն հետ բարի լուրը քարոզելը, Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ մեզ կը միացնէ։ Պօղոս առաքեալ գնահատեց ‘իրեն գործակից եղողները Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ’։ (Կող. 4։11) Փորձառութիւններ բաժնելը եւ ծառայութեան մէջ իրարու աջակցիլը, մեզի կ’օգնէ մեր քրիստոնէական յանձնարարութիւնը կատարելու եւ մեր միութեան կապը կը զօրացնէ։—Կող. 3։14

6 Սուրբ Հոգիին Միացնող Ազդեցութիւնը. Մինչ ջանադիր կերպով իր կամքը կը կատարենք, Եհովա մեզ կ’օրհնէ իր հոգին տալով։ Ասիկա կ’օգնէ մեր տարակարծութիւնները լուծելու եւ իրարու հետ միաբանութեամբ ապրելու։ (Սաղմ. 133։1) Անիկա կը մղէ մեզ ‘սուրբ հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահելու’։ (Եփ. 4։3) Իւրաքանչիւրս կրնանք Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող ներդաշնակութեան նպաստել, իրարու հետ մեր գործառնութեանց մէջ հոգիին պտուղները ցուցաբերելով։—Գաղ. 5։22, 23

7 Քրիստոսի գլխաւորութեան ներքեւ իրարու հետ միութեամբ ծառայելը, «սիրով մարմնին աճում կու տայ իրեն շինութեանը համար»։ (Եփ. 4։16բ) Ասկէ զատ, անիկա Եհովան՝ «խաղաղութիւն տուող Աստուածը»՝ կը փառաբանէ։—Հռովմ. 16։20, ՆԱ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել