Քրիստոնէական Իսկական Միութիւն՝ Ի՞նչպէս
1 Ի՞նչ բան կը միացնէ աւելի քան վեց միլիոն անհատներ, որոնք 234 երկիրներու կը պատկանին ու շուրջ 380 լեզուներ կը գործածեն։ Միայն Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքը։ (Միք. 2։12. 4։1-3) Եհովայի Վկաները փորձառաբար գիտեն թէ քրիստոնէական իսկական միութիւնը ներկայիս իրականութիւն մըն է։ Մեր «մէկ հովիւ»ին առաջնորդութեան ներքեւ «մէկ հօտ» ըլլալով, վճռած ենք այս աշխարհի պառակտիչ հոգիին դէմ դնել։—Յովհ. 10։16. Եփ. 2։2
2 Աստուծոյ հաստատ նպատակն է որ բոլոր մտացի արարածները ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միանան։ (Յայտ. 5։13) Ասոր կարեւորութեան գիտակցելով, Յիսուս ջերմեռանդօրէն աղօթեց որ իր հետեւորդները միութեան մէջ ըլլան։ (Յովհ. 17։20, 21) Իւրաքանչիւրս ի՞նչպէս կրնանք քրիստոնէական ժողովքին միութեան նպաստել։
3 Միութիւնը Ի՛նչպէս կ’Իրագործուի. Առանց Աստուծոյ Խօսքին ու հոգիին, քրիստոնէական միութիւնը անհասանելի պիտի ըլլար։ Աստուածաշունչին մէջ մեր կարդացած բաները գործադրելով, թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ հոգին անարգել մեր կեանքին մէջ ներգործէ։ Ասիկա մեզ կարող կը դարձնէ որ ‘սուրբ հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահենք’։ (Եփ. 4։3) Անիկա մեզ կը մղէ որ սիրով իրարու համբերենք։ (Կող. 3։13, 14. Ա. Պետ. 4։8) Միութեան կը նպաստէ՞ք՝ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալով։
4 Քարոզելու եւ աշակերտելու մեր յանձնարարութիւնն ալ մեզ կը միացնէ։ Երբ ուրիշներու հետ քրիստոնէական ծառայութեան կը մասնակցինք, ‘աւետարանին հաւատքին համար պատերազմակից ըլլալով’, ‘ճշմարտութեան գործակից կ’ըլլանք’։ (Փիլ. 1։27. Գ. Յովհ. 8) Մինչ ասիկա կ’ընենք, ժողովքին մէջ սիրոյ միութեան կապերը կ’ամրապնդուին։ Ինչո՞ւ չհրաւիրէք անհատ մը, որուն հետ վերջերս չէք ծառայած, որ այս շաբաթ միասին դաշտի ծառայութեան մասնակցիք։
5 Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ ներկայիս երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող միակ իսկական միջազգային եղբայրութեան մաս կը կազմենք։ (Ա. Պետ. 5։9) Վերջերս, «Աստուծոյ Փառք Տանք» բնաբանով Միջազգային Համաժողովներուն, հազարաւորներ այս աշխարհածաւալ միութեան ականատես եղան։ Իւրաքանչիւրս թող նպաստենք այս արժէքաւոր միութեան՝ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, թիւրիմացութիւնները սիրով լուծելով, եւ «միաբան» բարի լուրը քարոզելով։—Հռովմ. 15։6, ԱՎ