Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/03 էջ 3
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օտարախօս դաշտը մշակել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Հոգեւորապէս առողջ մնա, մինչ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Դաշտի ծառայութեան խումբէդ ինչպէ՛ս կրնաս օգտուիլ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 1/03 էջ 3

Հարցումի Տուփ

◼ Ե՞րբ յարմար է օտարախօս խումբ մը կազմել։

Երբ ժողովքի մը թաղամասը մեծ թիւով օտարախօս բնակչութիւն կը պարփակէ, երէցները պէտք է իրենց կարելին ընեն այդ լեզուով քարոզչութեան գործը կազմակերպելու համար։ (թծ 7/02 էջ 1. թծ 2/98 էջ 3-4) Կրնայ ըլլալ որ օտարախօս համայնքը տարածուած է երկու կամ աւելի մօտակայ ժողովքներու թաղամասերուն մէջ։ Այս պարագային, շրջանային տեսուչը (կամ տեսուչները) հարկ եղած ուղղութիւնները պիտի հայթայթէ, խնդրոյ առարկայ ժողովքներուն օգնելով որ քարոզչութեան գործին մէջ համագործակցին։ Պարբերաբար, հանրային դասախօսութիւն մը կամ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւն մը կրնայ ծրագրուիլ, տեսնելու համար թէ օտար լեզուով տեղի ունեցող ժողովներուն քանի՞ հոգի ներկայ պիտի գտնուի։

Օտարախօս խումբ մը կրնայ կազմուիլ, երբ հետեւեալ պահանջներուն գոհացում տրուի. (1) Եթէ հրատարակիչներ կամ հետաքրքրուած անհատներ կան, որոնք բարի լուրը աւելի լաւ կը հասկնան այդ օտար լեզուով։ (2) Եթէ որակելի երէց կամ օգնական ծառայ մը մատչելի է առաջնորդութիւնը առնելու եւ առնուազն շաբաթը մէկ ժողով վարելու համար։ (3) Եթէ երէցներու մարմին մը յօժար է խումբին թիկունք կանգնելու։ Երբ այս պահանջները գոհացուին, երէցները պէտք է մասնաճիւղի գրասենեակը տեղեակ պահեն, որպէսզի խումբը պաշտօնական կերպով ճանչցուի եւ կարելի ըլլայ յաւելեալ հրահանգներ տալ։

Շատ մը խումբեր կը սկսին, նախ՝ ամէն շաբաթ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը ունենալով։ Հետագային, երէցները կրնան հաւանութիւն տալ որ ուրիշ ժողովներ ալ ըլլան, ինչպէս՝ Հանրային Ժողովը եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Թիւ 2, 3 եւ 4 նշանակումները կարելի է ներկայացնել անջատ դասարանի մը մէջ, եթէ այդ լեզուն խօսող որակելի երէց կամ օգնական ծառայ մը կարող է ծառայել որպէս խրատատու։ Սակայն, այս խումբը ժողովքին պիտի միանայ խօսակցութեան յատկութեան վերաբերեալ դասախօսութեան, հրահանգիչ ուղերձին, Աստուածաշունչէն աչքառու կէտերուն եւ Ծառայութեան Ժողովին համար։ Նաեւ կարելի է խումբին համար դաշտի ծառայութեան ժողովներ կարգադրել։

Խումբին բոլոր անդամները պէտք է սերտօրէն գործեն երէցներու մարմինին վերատեսչութեան ներքեւ։ Երէցները պէտք է հաւասարակշռուած առաջնորդութիւն հայթայթեն եւ խումբին կարիքները հոգալու մէջ նախաքայլը առնեն։ Երբ շրջանային տեսուչը խումբին թիկունք կանգնող ժողովքը այցելէ, ան նաեւ խումբին հետ աշխատելու համար կարգադրութիւններ պիտի ընէ, զայն հոգեւորապէս կերտելու համար։ Եհովայի օրհնութեամբ, օտարախօս խումբը կրնայ ժամանակի ընթացքին ժողովք մը դառնալ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել