Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/03 էջ 1
  • ‘Տեղ Տուէք Անոր’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Տեղ Տուէք Անոր’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ամուրիութենէդ լաւագոյնս օգտուէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ամուրիութիւն. բոլորանուէր կերպով ծառայելու պատեհութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ամուրիութեան եւ ամուսնութեան վերաբերեալ իմաստուն խրատներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Ամուրիութիւնը պարգեւ է
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2019)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 4/03 էջ 1

‘Տեղ Տուէք Անոր’

1 Անգամ մը, երբ իր աշակերտներուն հետ ամուսնութեան մասին կը խօսէր, Յիսուս ամուրիութեան ակնարկեց որպէս «պարգեւ», ապա ըսաւ. «Ո՛վ որ կրնայ տեղ տալ անոր, թող տեղ տայ»։ (Մատթ. 19։10-12, ՆԱ) Քանի մը տարի ետք, Պօղոս առաքեալ ամուրիութեան առաւելութիւններուն մասին գրեց եւ ուրիշները քաջալերեց որ ամուրի մնալու իր օրինակին հետեւին։ (Ա. Կորն. 7։7, 38) Ներկայիս շատեր ամուրիութեան ‘տեղ տուած են’ եւ անոր առաւելութիւնները կը վայելեն։ Առաւելութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

2 «Անզբաղ Միտքով» Ծառայել. Պօղոս ըմբռնեց թէ ամուրիութիւնը իրեն պատեհութիւն տուաւ որ «անզբաղ միտքով» Եհովայի ծառայէ։ Նմանապէս այսօր, ամուրի եղբայր մը կրնայ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախելու ձգտիլ, եւ ամուրի մը ընդհանրապէս աւելի ազատ կ’ըլլայ ռահվիրայութեան ձեռնարկելու, ուրիշ լեզու մը սորվելու, փոխադրուելու հո՛ն ուր կարիքը աւելի մեծ է, Պէթէլի մէջ ծառայելու, կամ ինքզինք մատչելի ընելու ծառայութեան այլ մասնայատուկ առանձնաշնորհումներու համար։ Ան կրնայ աւելի ժամանակ ու պատեհութիւններ ունենալ անձնական խոր ուսումնասիրութեան ձեռնարկելու եւ խոկալու, նաեւ սրտագին աղօթքի միջոցաւ Եհովայի հետ սերտօրէն խօսելու համար։ Սովորաբար ամուրին աւելի ժամանակ ունի որ իր անձը տրամադրէ ուրիշներու օգնելու համար։ Այս բոլոր գործունէութիւնները անհատին «օգտին համար» են։—Ա. Կորն. 7։32-35, Անթիլիաս. Գործք 20։35

3 Աստուծոյ մատուցուած այս բոլորանուէր ծառայութիւնը ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Քենիոյ մէջ 27 տարի անցընելէ ետք, ամուրի քոյր մը գրեց. «Շա՜տ բարեկամներ եւ չափազանց շատ գործ կար։ Ամէն բան միասնաբար կ’ընէինք [եւ] իրարու կ’այցելէինք։ . . . Կրցայ ամուրիութեան ներկայացուցած յաւելեալ ազատութիւնն ու ճկունութիւնը գործածել՝ ծառայութեան մէջ զբաղած մնալու համար, եւ ասիկա մեծապէս ուրախացուց զիս»։ Ան աւելցուց. «Տարիներու ընթացքին, Եհովայի հետ յարաբերութիւնս աւելի սերտ դարձաւ»։

4 Տեղ Տալ Անոր. Յիսուս ըսաւ թէ ամուրիութեան պարգեւը մշակելու շարժառիթը պէտք է ըլլայ՝ «երկնքի թագաւորութեանը համար»։ (Մատթ. 19։12) Ուրիշ որեւէ պարգեւի նման, ամուրիութիւնը պատշաճօրէն պէտք է գործածուի ուրախութիւն եւ օգուտներ բերելու համար։ Ամուրիութեան ընծայած պատեհութիւնները օգտագործելով եւ իմաստութեան ու զօրութեան համար Եհովայի ապաւինելով, ամուրիներէն շատեր ըմբռնած են այս պարգեւը ընդունելուն արժէքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել