Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/03 էջ 8
  • Աստուածային Անունը Ճանչցնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածային Անունը Ճանչցնել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան իր անունը կը փառաւորէ
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Եհովայի մեծ անունը պատուե՛նք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուծոյ անունը
    Զարթի՛ր 2017
  • Աստուծոյ անունը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2019
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 6/03 էջ 8

Աստուածային Անունը Ճանչցնել

1. Աստուծոյ անձնական անունը գիտնալը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մարդոց վրայ։

1 Երբ առաջին անգամ Աստուծոյ անունը գիտցաք, ի՞նչպէս հակազդեցիք։ Շատերու հակազդեցութիւնը նման է կնոջ մը հակազդեցութեան, որ ըսաւ. «Երբ առաջին անգամ ըլլալով Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ անունը տեսայ, լացի։ Շատ ազդուեցայ, գիտնալով թէ իրապէս կրնայի Աստուծոյ անձնական անունը գիտնալ ու գործածել»։ Այս կնոջ համար, աստուածային անունը գիտնալը կարեւոր քայլ մըն էր Եհովան ճանչնալու որպէս անձնաւորութիւն մը եւ անոր հետ յարաբերութիւն մը կերտելու համար։

2. Ինչո՞ւ խիստ կարեւոր է որ ուրիշներուն սորվեցնենք Եհովայի մասին։

2 Ինչո՞ւ Զայն Ճանչցնել. Աստուծոյ անունը առնչուած է իր յատկութիւններուն, նպատակներուն ու արարքներուն հետ։ Անիկա նաեւ առնչուած է փրկութեան հետ։ «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի», գրեց Պօղոս առաքեալ։ Բայց մարդիկ «ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր», պատճառաբանեց Պօղոս, եթէ նա՛խ Եհովայի մասին չսորվին եւ իրեն հաւատք չընծայեն։ Ուստի, խիստ կարեւոր է որ Քրիստոնեաները ուրիշներու գիտցնեն Աստուծոյ անունը եւ ինչ որ կը ներկայացնէ։ (Հռովմ. 10։13, 14) Սակայն, ա՛լ աւելի կարեւոր պատճառ մը կայ թէ ինչո՛ւ աստուածային անունը պէտք է ճանչցուի։

3. Քարոզելու մեր գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։

3 1920–ական թուականներուն, Աստուծոյ ժողովուրդը Սուրբ Գրութիւններէն ըմբռնեցին Աստուծոյ գերիշխանութեան ջատագովման ու իր անուան սրբացման հետ առնչուած տիեզերական հարցը։ Եհովա իր անուան վրայ դիզուած անարգանքը վերցնելու համար ամբարիշտները կործանելէ առաջ, իր մասին ճշմարտութիւնը ‘պէտք է գիտցուի բոլոր երկրի մէջ’։ (Եսայ. 12։4, 5. Եզեկ. 38։23) Հետեւաբար, քարոզելու մեր գլխաւոր պատճառն է՝ Եհովան հանրապէս փառաբանել ու իր անունը բոլոր մարդկութեան առջեւ սրբացնել։ (Եբր. 13։15) Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրը պիտի մղէ մեզ որ այս աստուածատուր գործին լիովին մասնակցինք։

4. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս սկսան Աստուծոյ անունով բնորոշուիլ։

4 ‘Իր Անուանը Համար Ժողովուրդ մը’. 1931–ին, Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցինք։ (Եսայ. 43։10) Անկէ ի վեր, Աստուծոյ ժողովուրդը աստուածային անունը ճանչցուցած է ա՛յն տարողութեամբ, որ Ծանուցանողներ գիրքը, էջ 124, կը նշէ. «Համայն աշխարհի մէջ, ոեւէ անհատ որ Եհովա անունը յաճախ կը գործածէ, շուտով կը բնորոշուի որպէս Եհովայի Վկաներէն մէկը»։ Դուք ալ այս կերպով բնորոշուա՞ծ էք։ Եհովայի բարութեան հանդէպ երախտագիտութիւնը պէտք է մղէ մեզ ‘իր անունը օրհնելու’, ամէն յարմար առիթով իր մասին խօսելով։—Սաղմ. 20։7. 145։1, 2, 7

5. Մեր վարքը ի՞նչ կապ ունի Աստուծոյ անունը կրելուն հետ։

5 ‘Իր անուանը համար ժողովուրդ մը’ ըլլալով, պէտք է իր չափանիշներուն կառչինք։ (Գործք 15։14. Բ. Տիմ. 2։19) Յաճախ, մարդիկ ամենէն առաջ Եհովայի Վկաներուն լաւ վարքը կը նկատեն։ (Ա. Պետ. 2։12) Երբեք պիտի չուզէինք իր անունը սրբապղծել, աստուածային սկզբունքները անգոսնելով կամ իր պաշտամունքը մեր կեանքին մէջ երկրորդական տեղ մը դնելով։ (Ղեւտ. 22։31, 32. Մաղ. 1։6-8, 12-14) Փոխարէն, թող որ մեր ապրելակերպը ցոյց տայ, թէ Աստուծոյ անունը կրելու մեր առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք։

6. Ի՞նչ առանձնաշնորհում կրնանք վայելել, հիմա եւ յաւիտեան։

6 Ներկայիս կը տեսնենք Եհովայի հետեւեալ խօսքին կատարումը. «Արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը, ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ»։ (Մաղ. 1։11) Թող որ շարունակենք Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը ճանչցնել եւ ‘անոր սուրբ անունը օրհնել յաւիտեանս յաւիտենից’։—Սաղմ. 145։21

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել