Յիսուսի Մտավիճակը Ընդօրինակեցէք
1. Յիսուս ի՞նչ մտավիճակ ցուցաբերեց։
1 Թէեւ բնաւ Աստուծոյ Որդին չենք տեսած, սակայն Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան արձանագրութեան միջոցով, իրապէս սէր մշակած ենք իրեն հանդէպ։ (Ա. Պետ. 1։8) Իր Հօր կամքին հնազանդելով, ան իր երկնային բարձր դիրքը ձգեց ու երկիր եկաւ։ Որպէս մարդ արարած, ան անձնուրացօրէն ուրիշներու սպասարկեց, ապա իր կեանքը զոհեց մարդկութեան համար։ (Մատթ. 20։28) Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր»։ Ի՞նչպէս կրնանք անոր անձնազոհ հոգին ընդօրինակել։—Փիլ. 2։5-8
2. Քրիստոնեաներէն շատեր ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն, եւ ի՞նչ բան անոնց կրնայ օգնել զայն յաղթահարելու։
2 Երբ Յոգնած Զգանք. Կատարեալ ըլլալով հանդերձ, Յիսուս կը յոգնէր։ Առիթով մը, երբ «յոգնած» էր, Յիսուս Սամարացի կնոջ մը լիակատար վկայութիւն տուաւ։ (Յովհ. 4։6) Ներկայիս Քրիստոնեաներէն շատեր նման դժուարութիւն մը կը դիմագրաւեն։ Ամբողջ շաբաթը ծանր աշխատելէ ետք, կրնայ դժուար ըլլալ հարկ եղած ոյժը գտնելը քարոզչութեան մասնակցելու համար։ Սակայն, եթէ կանոնաւորաբար քարոզենք, պիտի նկատենք թէ քրիստոնէական ծառայութիւնը մեզ հոգեւորապէս կը թարմացնէ։—Յովհ. 4։32-34
3. Ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի ուսուցանելու կամեցողութիւնը ընդօրինակել։
3 Ուրիշ առիթով, Յիսուս եւ իր աշակերտները առանձին տեղ մը գացին, քիչ մը հանգչելու համար։ Սակայն մեծ ամբոխ մը ասիկա գիտնալով, անոնցմէ առաջ այդ տեղը հասաւ։ Փոխանակ նեղանալու, Յիսուս «խղճաց անոնց վրայ» եւ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց»։ (Մար. 6։30-34) Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլն ու վարելը նոյնանման կեցուածք մը կը պահանջէ։ Յարատեւաբար ջանք թափելը եւ մարդոց հանդէպ իսկական սէր ունենալը անհրաժեշտ են։ Եթէ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չէք վարեր, մի՛ հրաժարիք ջանք թափելէ որ դաս մը հաստատէք։
4. Օժանդակ ռահվիրայութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ Քրիստոսի մտավիճակը ընդօրինակենք։
4 Հոգեւոր Շահերը Առաջին Տեղը Դրէք. Օժանդակ ռահվիրայութիւնը կ’օգնէ որ աւելի կեդրոնանանք հոգեւոր գործունէութիւններու վրայ։ Երիտասարդ քոյր մը գրեց. «Ընկերուհիիս մայրը մեզ քաջալերեց որ իր հետ մէկ ամիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլանք։ Իրապէս ուրախ եմ որ ասիկա ըրինք։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտէն ծանօթանալը հաճելի էր, եւ շատ չանցած՝ մէկ ընտանիքի պէս եղանք։ Նաեւ վայելեցի Եհովայի մասին ուրիշներու խօսելու եւ Թագաւորութեան հոյակապ ճշմարտութիւնները անոնց սորվեցնելու յաւելեալ պատեհութիւնը։ Այս բոլորին շնորհիւ, աւելի մօտեցայ Եհովայի ու իր կազմակերպութեան»։—Սաղմ. 34։8
5. Ինչո՞ւ յարատեւաբար ջանք պէտք է թափենք որ Յիսուսի մտավիճակը ընդօրինակենք։
5 Մեր անկատար մարմնին ու Եհովան հաճեցնելու մեր փափաքին միջեւ միշտ պայքար կայ։ (Հռովմ. 7։21-23) Աշխարհի ինքզինք–խնայելու հոգիին պէտք է դէմ դնենք։ (Մատթ. 16։22, 23) Եհովա իր սուրբ հոգիին միջոցով կ’օգնէ մեզի որ ասոր մէջ յաջողութիւն գտնենք։ (Գաղ. 5։16, 17) Մինչ կը սպասենք ազատագրուիլ ու Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը մտնել, թող որ Յիսուսի մտավիճակը ընդօրինակենք, Թագաւորութեան շահերը եւ ուրիշներուն շահերը մերիններէն առաջ դասելով։—Մատթ. 6։33. Հռովմ. 15։1-3