Թարմացնող Երաժշտութիւն
1 Երգելը եւ երաժշտութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքին անբաժան մէկ մասն են։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Ասափ ու իր եղբայրները տաղերգեցին. «Գոհացէք Տէրոջմէն . . . երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները»։ (Ա. Մնաց. 16։8, 9) Ներկայիս երգեցողութիւններով Եհովան կը փառաբանենք մեր շաբաթական ժողովներուն մէջ։ (Եփ. 5։19) Ասիկա իր անունը գովաբանելու ի՜նչ սքանչելի պատեհութիւն մըն է։—Սաղմ. 69։30
2 Թագաւորութեան Մեղեդիներ ունկնդրելը,– Թագաւորութեան երգեցողութիւններ՝ երաժշտախումբի մը կողմէ նուագուած,– կրնայ մեր միտքը լեցնել հոգեւոր խորհուրդներով։ «Մինչ մեղեդին կ’ունկնդրեմ, երգին բառերը միտքէս կ’անցնին», բացատրեց քոյր մը։ «Ի՜նչ սքանչելի կերպ մը Եհովայի մասին մտածելու, մինչ երաժշտութիւնը կը վայելեմ»։—Փիլ. 4։8
3 Զանոնք Վայելելու Պատեհութիւններ. Տան մէջ Թագաւորութեան Մեղեդիներ ունկնդրելը ջերմ ու հոգեւոր մթնոլորտ կը ստեղծէ, որ ընտանեկան խաղաղութեան կը նպաստէ։ «Այս հաճելի երաժշտութիւնը կ’ունկնդրենք կրկին անգամ մեր տան ու ինքնաշարժին մէջ ու երբեք չենք ձանձրանար», գրեց ընտանիք մը։ «Թագաւորութեան Մեղեդիներ–ը յաճախ խաղաղ տրամադրութիւն ստեղծած են, քրիստոնէական ժողովներու պատրաստուելու կամ համաժողովի ճամբորդելու ատեն»։ Քոյր մը ըսաւ. «Առտնին գործերը կատարելու ատեն զանոնք ունկնդրելը տրամադրութիւնս կը բարելաւէ. նոյնիսկ լուացք ծալլելը ուրախութեամբ կ’ընեմ։ Երբ վհատիմ, այս երաժշտութեան կը դիմեմ, քանի որ կրնայ զիս զուարթացնել։ . . . Իւրաքանչիւր երգեցողութիւն ուրախութեան զգացումներ կ’արթնցնէ»։ Առիթներ կա՞ն երբ այս թարմացուցիչ երաժշտութիւնը ձեզի ալ օգտակար կրնայ ըլլալ։
4 Ներկայ երաժշտութեան մեծ մասը այս աշխարհի հոգին կ’արտացոլացնէ։ Ծնողները իրենց զաւակներուն կրնան օգնել օգտակար երաժշտութեան հանդէպ ախորժակ սրելու, Թագաւորութեան Մեղեդիներ–ը օգտագործելով։ Աստուածաշունչի աշակերտներէն ու հետաքրքրուած անհատներէն շատեր ուրախ պիտի ըլլան իմանալով այս գեղեցիկ երգեցողութիւններուն մասին, որոնք Եհովան կը փառաւորեն ու տրամադրութիւնը կը բարելաւեն։—Սաղմ. 47։1, 2, 6, 7