Թագաւորութեան երգերը վայելելու ընտիր կերպ մը
Աստուծոյ ծառաները կը նկատեն, թէ երաժշտութիւնը անոր գեղեցիկ մէկ պարգեւն է (Յակ. 1։17)։ Բազմաթիւ ժողովքներ կը վայելեն Թագաւորութեան երգերու մեղմ նուագը՝ ժողովներէն առաջ եւ վերջ։ Աստուածպետական երաժշտութիւն նուագելը ամոքիչ կերպ մըն է՝ մեզի բարի գալուստ մաղթելու։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ պաշտամունքի մտովին պատրաստուինք։ Ասկէ զատ, մեր երգարանէն նոր եղանակներ ունկնդրելը մեզ մեղեդիներուն կը ծանօթացնէ եւ կ’օգնէ որ երգերը ճշգրտօրէն երգենք։ Ժողովէն ետք այսպիսի երաժշտութիւն նուագելը, ոգեւորիչ մթնոլորտ մը կը պահպանէ, որուն մէջ կրնանք քաջալերական ընկերակցութիւն վայելել։ Հետեւաբար, երէցներու մարմինները պէտք է յարմար կարգադրութիւններ ընեն, որպէսզի Եհովային գովերգենք (դաշնամուրային կատարում) գործածելով, երաժշտութիւն նուագուի ժողովէն առաջ եւ վերջ։ Անոնք պէտք է վստահ ըլլան, որ երաժշտութեան ծաւալը տրամաբանական է եւ խօսակցիլը չի դժուարացներ։