Համբերատարութիւնը Վարձահատոյց Է
1 «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ (Ղուկ. 21։19) Այս խօսքը, որ «աշխարհիս վերջին» մասին Յիսուսի տուած մարգարէութեան մաս կը կազմէ, յստակ կը դարձնէ թէ մեր ուղղամտութիւնը պահելու համար, բազմաթիւ փորձութիւններ դիմագրաւելու պատրաստ պէտք է ըլլանք։ Բայց Եհովայի զօրութեամբ, իւրաքանչիւրս կրնանք ‘տոկալ մինչեւ վախճանը’ ու ‘փրկուիլ’։—Մատթ. 24։3, 13, ԱՎ. Փիլ. 4։13
2 Հալածանքը, առողջապահական խնդիրները, դրամական դժուարութիւններն ու զգացական նեղութիւնները կրնան իւրաքանչիւր օր ճնշիչ դարձնել։ Սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք որ Սատանան կը ջանայ Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը բեկանել։ Իւրաքանչիւր օր որ մեր Հօր հաւատարիմ կը մնանք, բաժին կը բերենք Անարգողին կարդացած ասպարէզին պատասխան տալու մէջ։ Ի՜նչ վարձահատոյց է գիտնալ թէ փորձութեան ներքեւ մեր թափած «արցունքներ»ը չեն մոռցուիր։ Անոնք Եհովայի աչքին թանկագին են, եւ մեր ուղղամտութիւնը իր սիրտը կ’ուրախացնէ։—Սաղմ. 56։8. Առ. 27։11
3 Փորձութիւններով Զտուած. Տառապանքը կրնայ հաւատքի տկարութիւն կամ անձնաւորութեան թերութիւն մը երեւան հանել, ինչպէս՝ հպարտութիւն կամ նեղսրտութիւն։ Փոխանակ փորձութիւններէն խոյս տալու կամ անաստուածաշնչական կերպերով անոնց վերջ դնելու, Աստուծոյ Խօսքին խրատին պէտք է անսանք, թոյլ տալով որ ‘համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն ունենայ’։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ հաւատարմօրէն փորձութիւններուն տոկալը մեզի կ’օգնէ որ ‘կատարեալ ու ամբողջ ըլլանք’։ (Յակ. 1։2-4) Համբերատարութիւնը կրնայ մեզի օգնել թանկարժէք յատկութիւններ մշակելու, ինչպէս՝ բանաւորութիւն, կարեկցութիւն եւ ողորմութիւն։—Հռովմ. 12։15
4 Հաւատքին Փորձուած Որակը. Երբ փորձութիւններու տոկանք, մեր հաւատքը փորձուած որակ կը ստանայ, որ Աստուծոյ աչքին մեծ արժէք ունի։ (Ա. Պետ. 1։6, 7, ՆԱ) Այս հաւատքը մեզ կը սպառազինէ որ ապագայ փորձութիւններու ներքեւ հաստատ մնանք։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելով մեր յոյսը կը զօրանայ ու աւելի իրական կը դառնայ։—Հռովմ. 5։3-5
5 Համբերատարութեան լաւագոյն վարձատրութիւնը նշուած է Յակոբու 1։12–ի մէջ (ԱՎ). «Երանի՜ այն մարդուն՝ որ կը տոկայ փորձութեան. որովհետեւ երբ փորձարկուի եւ ընտիր գտնուի՝ պիտի ստանայ կեանքի պսակը»։ Ուստի Եհովայի կատարած մեր նուիրումին մէջ անխախտ մնանք, վստահ ըլլալով որ ան առատօրէն պիտի վարձատրէ «զինք սիրողներ»ը։