Եհովայի Հեղինակութիւնը Պէտք Է Յարգենք
Կորխ, Դաթան ու Աբիրոն, այս վաղեմի անունները ի՞նչ բանի կ’առնչես։ Ըմբոստութեան։ Ի՞նչի դէմ։ Աստուածատուր հեղինակութեան։ Անոնց ողբերգական ընթացքին մանրամասնութիւնները արձանագրուած են Թուոց գիրքին 16–րդ գլուխին մէջ, եւ նկատի առնուած են Դիտարան 1 Օգոստոս 2002 թիւին մէջ, «Հաւատարմօրէն Ենթարկուեցէք Աստուածային Հեղինակութեան» խորագրին ներքեւ։ Պիտի օգտուիս այդ յօդուածը կարդալով, ապա դիտելով Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք տեսաերիզը։ Պիտի նկատես Կորխի հաւատարիմ որդիներուն ու իրենց ըմբոստ հօր միջեւ զարգացող հակասութիւնը, որ տիեզերքի Գերիշխանին կը հակառակէր։ (Թուոց 26։9-11) Իրական կեանքէ առնուած այս թատերախաղը բոլորս պիտի ներշնչէ որ Եհովայի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը լիովին մշակենք։
Մինչ տեսաերիզը կը դիտես, նկատէ թէ ի՛նչպէս Կորխ ու իրեն ընկերակցող ըմբոստները անհաւատարիմ գտնուեցան վեց կարեւոր մարզերու մէջ. (1) Անոնք աստուածային հեղինակութիւնը ի՞նչպէս չյարգեցին։ (2) Անոնք ի՞նչպէս թոյլ տուին որ հպարտութիւնը, փառասիրութիւնը եւ նախանձը իրենց ազդեն։ (3) Անոնք ի՞նչպէս Եհովայի կողմէ նշանակուած անհատներուն թերութիւններուն վրայ կեդրոնացան։ (4) Անոնք ի՞նչպէս տրտնջալու հոգի ցուցաբերեցին։ (5) Անոնք ծառայութեան իրենց առանձնաշնորհումներով ինչո՞ւ չգոհացան։ (6) Անոնք ի՞նչպէս նախընտրեցին բարեկամներու ու ընտանիքի հանդէպ հաւատարիմ գտնուիլ, քան՝ Աստուծոյ հանդէպ։
Նկատի առ թէ այս աստուածաշնչական թատերախաղէն մեր սորված դասերը ի՛նչպէս կը կիրարկուին աստուածային հեղինակութեան հանդէպ մեր տեսակէտին վրայ. (1) Ժողովքի երէցներուն որոշումներուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք եւ ինչո՛ւ։ (2) Ի՞նչպէս կրնանք մեր անպատշաճ շարժառիթները չէզոքացնել։ (3) Պատասխանատուութիւն ստանձնող անհատներուն անկատարութիւններուն ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ (4) Եթէ մեր սիրտին մէջ տրտնջալու հոգի մը սկսի զարգանալ, ի՞նչ պէտք է ընենք։ (5) Մեզի տրուած որեւէ առանձնաշնորհում ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ (6) Որոնցմէ՞ առաջ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւն կը ցուցաբերենք, եւ ասիկա ե՞րբ կրնայ մեզի համար դժուար փորձութիւն մը ըլլալ։
Այս տեղեկութիւնները ժողովքին մէջ քննարկուելէ ետք, ինչո՞ւ տեսաերիզը անգամ մը եւս չդիտես։ Անիկա թող միտքիդ մէջ աւելի դրոշմէ թէ ի՛նչ պատճառներով Եհովայի հեղինակութիւնը միշտ պէտք է յարգենք։—Սաղմ. 18։25. 37։28