Տեսաերիզ՝ Ընդմիշտ Օգտակար Եղող Պատգամով
Դաւիթ Աստուծոյ Վստահեցաւ տեսաերիզին բովանդակած պատգամը այն է, թէ Դաւիթի նման, Եհովայի պէտք է վստահինք։ (Սաղմ. 91։2) Դաւիթի կեանքին գլխաւոր դէպքերը դիտելով, թէ՛ երախաները եւ թէ չափահասները անոր ձգած օրինակէն պիտի սորվին։ (Սաղմ. 31։14) Յաւելեալ օգուտներ քաղելու համար, այս DVD–ին կը պարունակէ «Հարցարան» եւ «Սորվելու Վարժութիւններ»։
Տեսաերիզը դիտէ, ապա փորձէ պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. (1) Եհովա ինչո՞ւ աւելի լաւ թագաւոր մը ընտրեց։ (Ա. Թագ. 15։10, 11. 16։1) (2) Ան ինչո՞ւ Դաւիթի եղբայրներէն մէկը չընտրեց։ (Ա. Թագ. 16։6, 7) (3) Սաւուղ ինչո՞ւ կ’ուզէր որ Դաւիթ քնար նուագէ։ (Ա. Թագ. 16։14-23) (4) Ո՞վ էր Գողիաթ։ (Ա. Թագ. 17։4-10) (5) Դաւիթ ինչո՞ւ ուզեց Գողիաթի հետ կռուիլ։ (Ա. Թագ. 17։23, 24, 36, 37) (6) Ո՞վ էր Յովնաթան։ (Ա. Թագ. 14։1) (7) Սաւուղ ե՞րբ Դաւիթի թշնամին դարձաւ։ (Ա. Թագ. 18։25-29) (8) Դաւիթ ինչո՞ւ Սաւուղը չսպաննեց։ (Ա. Թագ. 26։7-11) (9) Սաւուղ ի՞նչպէս մեռաւ։ (Ա. Թագ. 31։1-6) (10) Դաւիթ ի՞նչպէս հակազդեց Յովնաթանի մահուան։ (Բ. Թագ. 1։11, 12) (11) Եհովա Դաւիթի ի՞նչ խոստում տուաւ։ (Բ. Թագ. 7։12, 13, 16) (12) Դաւիթ ի՞նչ լուրջ մեղք գործեց։ (Բ. Թագ. 11։1-5, 14-17) (13) Դաւիթ իր խոր զղջումը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ (Սաղմ. 51) (14) Դաւիթ երիտասարդ Սողոմոնի ի՞նչ դասեր սորվեցուց։ (Գ. Թագ. 2։1-4. Ա. Մնաց. 22։6-13. 28։9, 10) (15) Յիսուսի իշխանութիւնը ի՞նչպէս պիտի օգտէ Դաւիթի, Յովնաթանի եւ քեզի։—Եսայ. 11։6-9. Յովհ. 11։25, 26
Պահ մը խորհրդածէ. ի՞նչպէս կրնաս անձամբ ընդօրինակել Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի ցուցաբերած վստահութիւնը։
Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն միտքին մէջ դրոշմեցէք Աստուծոյ վստահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս Դաւիթ ըրաւ։—Սաղմ. 56։11