Քարոզելու մէջ յարատեւէ
1 Դժուար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Քաղաքացիական պատերազմները, էթնիքական պայքարները, բնական աղէտները եւ այլ ահարկու դէպքեր սովորական են։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, այժմ մարդկային ընտանիքը բարի լուրի կարիք ունի։ Սակայն հոգեւոր բաներու հանդէպ անտարբերութիւնը լայնատարած է։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, մարդիկ տունը գտնելը դժուար եղած է, իսկ մեզի մտիկ ընող կամ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել փափաքող անհատներ գտնելը՝ ա՛լ աւելի դժուար։ Այսուհանդերձ անհրաժեշտ է որ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մէջ յարատեւենք։—Մատթ. 24։14
2 Մարդոց հանդէպ սէր. Մեր քարոզչութիւնը կը շեշտէ մարդոց հանդէպ Եհովայի սէրը։ Ան «չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետ. 3։9. Եզեկ. 33։11) Ուստի ան հրամայած է որ «առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն», ինչպէս Յիսուս ըսաւ։ (Մար. 13։10) Աստուած մարդոց կոչ կ’ընէ որ իրեն դառնան եւ Սատանայի աշխարհին վրայ գալիք դատաստանէն ազատին։ (Յովել. 2։28, 29, 32. Սոփ. 2։2, 3) Երախտապարտ չե՞նք որ Եհովա մեզի ներկայացուց այս պատեհութիւնը։—Ա. Տիմ. 1։12, 13
3 Համաշխարհային տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ 2004–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, ամէն ամիս միջին հաշուով 6,085,387 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարուեցան եւ ամէն շաբաթ միջին հաշուով 5,000 նոր աշակերտներ մկրտուեցան։ Հրատարակիչներ կրցան այս նորեկներէն ոմանց հանդիպիլ, քանի որ Եհովա օրհնեց իրենց յարատեւ ջանքերը, որ նշանակուած թաղամասին մէջ բոլո՛ր անհատներուն խօսին։ Ասիկա ժողովքներուն մէջ ի՜նչ ուրախութիւն պատճառած է, իսկ ի՜նչ առանձնաշնորհում է այս փրկաբեր գործին մէջ Աստուծոյ գործակիցը ըլլալ։—Ա. Կորն. 3։5, 6, 9
4 Աստուծոյ անունը փառաբանել. Քարոզելու մէջ կը յարատեւենք, ամբողջ մարդկութեան առջեւ Եհովան հանրապէս փառաբանելու եւ իր անունը սրբացնելու համար։ (Եբր. 13։15) Սատանան «բոլոր աշխարհ» մոլորեցուցած է, անոնց հաւատալ տալով թէ Աստուած մարդկութեան խնդիրները լուծելու անկարող է, մարդոց տառապանքին նկատմամբ անտարբեր է, կամ պարզապէս գոյութիւն չունի։ (Յայտ. 12։9) Մեր քարոզչութեամբ կը պաշտպանենք ճշմարտութիւնը մեր փառաւոր երկնաւոր Հօր մասին։ Շարունակենք իր անունը փառաբանել,– հիմա եւ յաւիտեան։—Սաղմ. 145։1, 2