Շարունակեցէ՛ք Քարոզել
1 Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Այս պատճառաւ, բարի լուրը քարոզելու նշանակում տուած է մեզի։ (Մատթ. 24։14) Եթէ գիտակցինք թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակենք քարոզել, այդ պարագային մեր դիմագրաւած որեւէ յուսահատութիւն կամ հաւանական զբաղում՝ քարոզելէ ետ պիտի չկեցնէ մեզ։
2 Ինչո՞ւ Պէտք Է Յարատեւենք. Աշխարհի մէջ շատ զբաղումներ կան, որոնց պատճառաւ մարդիկ կը մոռնան կամ թեթեւի կ’առնեն ինչ որ իրենց կ’ըսենք։ Ուստի, պէտք է շարունակենք անոնց վերյիշեցնել Աստուծոյ փրկութեան պատգամը։ (Մատթ. 24։38, 39) Ասկէ զատ, մարդոց կեանքի պարագաները յաճախ կը փոխուին։ Նոյնիսկ աշխարհի վիճակները կրնան մէկ օրէն միւսը յանկարծ փոխուիլ։ (Ա. Կորն. 7։31) Անոնց որ քարոզած ենք, կրնան վաղը, գալ շաբաթ կամ գալ ամիս նոր խնդիրներ կամ մտահոգութիւններ դիմագրաւել, որու պատճառաւ աւելի լրջօրէն նկատի կ’առնեն մեր բերած բարի լուրը։ Անձնապէս երախտապարտ չէ՞ք որ ձեզի ճշմարտութիւնը բերող Վկան յարատեւեց։
3 Աստուծոյ Ողորմութիւնը Ընդօրինակենք. Եհովա ամբարիշտին վրայ իր դատաստանը բերելէն առաջ համբերութեամբ՝ ժամանակ տուած է։ Մեր միջոցով, ան շարունակած է արդարամիտ անհատներու կոչ ընել որ իրեն դառնան ու փրկուին։ (Բ. Պետ. 3։9) Արիւնապարտ կ’ըլլանք, եթէ չշարունակենք Աստուծոյ ողորմած պատգամը մարդոց տալ եւ զանոնք ազդարարել իրենց չար ճամբաներէն չդարձող բոլոր անհատներուն վրայ Աստուծոյ դատաստանին մօտալուտ գործադրութենէն։ (Եզեկ. 33։1-11) Հակառակ անոր որ մեր քարոզչութիւնը միշտ ընդունելութիւն չի գտներ, բնա՛ւ պէտք չէ դադարինք ամէն ջանք թափելէ, որպէսզի անկեղծ անհատներ գնահատեն Աստուծոյ ողորմութիւնը։—Գործք 20։26, 27. Հռովմ. 12։11
4 Մեր Սէրը Ցոյց Տանք. Եհովա Աստուած է որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով պատուէր տուաւ որ բարի լուրը համայն երկրի վրայ քարոզուի։ (Մատթ. 28։19, 20) Նոյնիսկ երբ մարդիկ մերժեն մտիկ ընել, շիտակ բանը ընելու մէջ յարատեւելով, պատեհութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը եւ նուիրումը ցոյց տալու։—Ա. Յովհ. 5։3
5 Ուստի, վճռե՛նք մեր քարոզչութիւնը շարունակել, եւ զայն եռանդուն կերպով կատարել, մինչ տակաւին Եհովայի «փրկութեան օր»ուան մէջ կը գտնուինք։—Բ. Կորն. 6։2