«Նոր Հազարամեակը—Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ Ձեզի Համար»
1 Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ այս հարցումը կ’որոճան իրենց մտքին մէջ։ Թէեւ դարերուն ընթացքին մարդկութիւնը բաւական բաներ իրագործեց, սակայն, մարդիկ յուսախաբ են, քանի որ հազարամեակներէ ի վեր զիրենք հարուածող հիմնական խնդիրները տակաւին առկայ են։ (Յոբ. 14։1. Սաղմ. 90։10) Մարդկութիւնը օգնութեան համար ո՞ւր կրնայ դիմել։
2 Հոկտեմբեր եւ Նոյեմբեր ամիսներու ընթացքին, յատուկ պատեհութիւն պիտի ունենանք այդ հարցումին պատասխանը հայթայթելու մեր դրացիներուն։ Ի՞նչպէս։ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի բաշխումով։ Անոր խորագիրն է՝ «Նոր Հազարամեակը—Ապագան Ի՞նչ կը Վերապահէ Ձեզի Համար»։ Հոկտեմբերի առաջին կիսուն, պիտի ներկայացնենք Դիտարան պարբերաթերթը։ Ապա, Երկուշաբթի 16 Հոկտեմբերէն մինչեւ Ուրբաթ 17 Նոյեմբեր, պիտի մասնակցինք Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի լայնածիր բաշխման։ Այս արշաւի ընթացքին, Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ը պիտի բաշխենք շաբթուան մէջ։ Շաբաթավերջերուն, զայն պիտի ներկայացնենք ընթացիկ պարբերաթերթերուն հետ։
3 Լման Մասնակցութիւն Պիտի Բերէ՞ք. Երէցներ, օգնական ծառաներ եւ ռահվիրաներ պիտի ուզեն այս արշաւի ընթացքին առաջնորդութիւնը առնել, քանի որ անոնք այս գործին մէջ առաջաւոր գծի վրայ կը գտնուին։ Շատ մը հրատարակիչներ կրցած են իրենց պարագաներուն մէջ վերաճշդումներ ընել, որպէսզի բաշխման ամիսներէն մէկուն կամ երկուքին ընթացքին, օժանդակ ռահվիրայ ըլլան։ Ուրիշներ ծրագրած են ծառայութեան համար սովորականէն աւելի ժամանակ յատկացնել։
4 Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները կրնան մեծ դեր խաղալ, իրենց խումբին իւրաքանչիւր անդամը քաջալերելու մէջ, որպէսզի Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի բաշխման մէջ լման մասնակցութիւն բերէ։ Թերեւս քարոզչութեան գործին մէջ անգործունեայ եղող հրատարակիչներ կան։ Երէցներ պէտք է այցելեն այսպիսիներուն, տեսնելու համար թէ անոնց օգնելու համար ի՛նչ կարելի է ընել։ Թերեւս կարգադրութիւններ ըլլան որ այս ամիսներու ընթացքին, փորձառու հրատարակիչ մը, իւրաքանչիւր անգործունեայ անհատի ընկերակցի դաշտին մէջ։ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ի ներկայացման պարզ կերպը, կրնայ ճիշդ պէտք եղածը ըլլալ, որպէսզի այս հրատարակիչները վերստին գործունեայ դառնան։
5 Ասիկա նաեւ լաւ պատեհութիւն մը պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի այն աշակերտներուն, որոնք Գիտութիւն գրքին մէջ բաւական յառաջացած՝ եւ որակելի են, որպէսզի սկսին ծառայել որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ։ Նոյնիսկ դեռահասակներ կրնան լաւ բաժին բերել այս ոգեւորիչ գործին մէջ։
6 Պէտք Եղածը Պարզ Ներկայացում մըն Է։ Կրնաք Ըսել.
◼ «Ժամանակս տրամադրած եմ [քաղաքին կամ գաւառին անունը տուէք] մէջ բնակող բոլոր ընտանիքներուն հետ այս շա՛տ կարեւոր պատգամը բաշխելու համար։ Ահաւասիկ ձեր օրինակը։ Հաճեցէք զայն կարդալ»։ Կրնայ նպաստաւոր ըլլալ մեր հետ ծառայութեան պայուսակ մը չկրել, երբ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–ը կը բաշխենք։
7 Դաշտի Ծառայութեան Համար Լա՛ւ Ծրագրուած Ժողովներ. Երէցները պէտք է հսկեն որ վկայելու կարգադրութիւնները թէ՛ յարմար եւ թէ գործնական ըլլան։ Յատկապէս ծառայութեան տեսուչը վստահ պէտք է ըլլայ որ բաւարար չափով բնակարանային եւ առեւտրական թաղամասեր ձեռնտու են, որպէսզի ամէն ոք գործին մէջ կարենայ լիովին մասնակցութիւն բերել։ Երբ կարելիութիւնը կայ, դաշտի ծառայութեան ժողովներ պէտք է կազմակերպուին՝ շաբաթամիջեան իւրաքանչիւր օրուան, շաբաթավերջերուն եւ երեկոներուն համար։ Ուշ յետմիջօրէներուն հաւաքուելու կարգադրութիւններ կրնան ըլլալ, աշակերտներու, մասնակի ժամեր աշխատողներու եւ ուրիշներու համար։
8 Ի՞նչ Ընել Տունը Չեղողներուն Պարագային. Մեր նպատակն է կարելի եղածին չափ շատ տանտէրներու հետ խօսիլ։ Եթէ ձեր այցելութեան ատեն տունը մէկը չգտնէք, հասցէն գրեցէք եւ օրուան տարբեր ժամուն վերադարձէք։ Եթէ արշաւին վերջաւորութեան չյաջողիք այս տանտէրներուն հետ շփման մէջ գալ, թերեւս անոնց Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–էն օրինակ մը ձգէք, տեղ մը՝ ուր անցորդներուն ուշադրութիւնը չի գրաւեր։ Տեղական երէցները կրնան ժողովքին պատուիրել որ առաջին այցելութենէն իսկ, տունը չեղողներուն Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36–էն օրինակ մը ձգեն, երբ կը քարոզեն գիւղական շրջաններու մէջ եւ հո՛ն ուր շատ թաղամասեր ըլլալուն պատճառաւ կարելի չէ անոնց բոլորը ծածկել արշաւի ընթացքին։
9 Գործի Լծուինք. Ժողովքները պէտք է ջանան իրենց թաղամասերը ծածկել 17 Նոյեմբերին արշաւը լրանալէն առաջ։ Եթէ ձեր թաղամասը բաւական մեծ է, հրատարակիչներէն ոմանք կրնան առանձին աշխատիլ, հո՛ն ուր ասիկա ընելը գործնական եւ ապահով է։ Այս կարգադրութիւնը պիտի դիւրացնէ որ կարելի եղածին չափ արժանի եղող շատ անհատներու հասնինք։ Հոգ տարէք որ որեւէ գտնուած հետաքրքրութեան մասին լաւ արձանագրութիւն մը պահէք։
10 Երէցները պէտք է նախատեսեն թէ ժողովքը քանի՞ յաւելեալ պարբերաթերթի կարիքը կրնայ ունենալ եւ ըստ այնմ ապսպրեն։ Հարկ չկայ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 36 թերթիկը ապսպրել, քանի որ քանակ մը պիտի ղրկուի իւրաքանչիւր ժողովքի։ Իւրաքանչիւր մասնաւոր, կանոնաւոր եւ օժանդակ ռահվիրայ, բաշխելու համար 250 օրինակ պիտի ստանայ, իսկ ժողովքի հրատարակիչներուն պիտի տրուի՝ 50 օրինակ։ Հետեւաբար, պատրաստ եւ անձկալի՞ց էք այս մասնայատուկ գործին լծուելու։ Մեզի համար որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում է մեր դրացիներուն գիտցնել թէ Աստուած մօտ ապագային համար ի՛նչ խոստացած է։