Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
May 22
«Գրեթէ բոլորս լսած ենք թէ մարզանքը առողջութեան համար կարեւոր է, բայց շատեր կը խոստովանին թէ բաւարար մարզանք չեն ըներ, այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ կանոնաւոր մարզանքին օգուտները եւ թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք զայն մտցնել մեր խճողուած յայտագրին մէջ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Թէեւ գրեթէ ամէն ոք խաղաղութեան մասին կը խօսի, բայց մարդկութիւնը համաշխարհային միութիւն չէ վայելած։ Կը խորհի՞ս թէ զայն իրագործելը պարզապէս երազ մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ կառավարութեան մը վրայ, որ աշխարհը միացնելու կարող է»։ Կարդա՛ Սաղմոս 72։7, 8–ը, եւ վերայցելութիւն մը կարգադրէ, քննարկելու համար թէ ասիկա ի՛նչպէս տեղի պիտի ունենայ։
June 8
«Նկատա՞ծ ես թէ մորթային քաղցկեղի տարածուիլը կը մտահոգէ շատերը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ ներկայիս ինչո՛ւ աւելի մեծ վտանգ կայ եւ ի՛նչ կրնանք ընել մենք մեզ պաշտպանելու համար»։ Եզրափակէ՝ կարդալով Յոբայ 33։25–ի մխիթարիչ խոստումը։