Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! May 22
«Ներկայիս, միջատներու միջոցաւ փոխադրուած հիւանդութիւնները մեր առողջութեան սպառնացող վտանգներէն մէկն են։ Գիտէի՞ք թէ մեր անձերը պաշտպանելու համար կրնանք զգուշութեան միջոցներ ձեռք առնել։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը խօսի այս կանխազգուշութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի խոստումին մասին, թէ ժամանակ մը պիտի գայ երբ այլեւս հիւանդութիւն պիտի չըլլայ»։ Եզրափակեցէք՝ Եսայեայ 33։24–ը կարդալով։
Դիտարան Յունիս 1
«Ամէն օր բռնութեան վերաբերեալ լուրեր կը լսենք։ Կը խորհի՞ք թէ այսպիսի վիճակներ անցեալին գոյութիւն ունէին։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդացէք Մատթէոս 24։37] Նոյի օրերը ա՛յնքան գէշ էին որ Աստուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց, բացի Նոյէն ու իր ընտանիքէն։ Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ այդ դէպքերը ի՛նչպէս մեզի համար նշանակութիւն մը ունին ներկայիս»։
Awake! June 8
«Այնպէս կը թուի թէ ներկայիս մարդիկ բարոյականութիւնը եւ քաղաքավարութիւնը չեն արժեւորեր, ինչպէս անցեալին կ’արժեւորէին։ Այս իրողութիւնը նկատա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Հետաքրքրականօրէն, Աստուածաշունչը հետեւեալը նախագուշակած է։ [Կարդացէք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ մարդկային արժէքները ինչո՛ւ կը փոխուին եւ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ»։