Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Apr. 22
«Այս արագընթաց աշխարհին մէջ, շատեր հարց կու տան թէ արդեօք երախաները շատ արագօրէ՞ն կը մեծնան։ Ասիկա ձեզ կը մտահոգէ՞։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Ժողովողի 3։1, 4] Մանկութիւնը չափահասութեան բեռները կրելու ժամանակ մը չէ։ Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ թէ ծնողներ ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն մանկութիւնը պաշտպանել»։
Դիտարան Մայիս 1
«Վերջին տարիներուն, շատեր հոգեւոր արժէքներու մէջ անկում մը նկատած են։ Դուք ալ ասիկա նկատա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Սաղմոս 119։105] Հոգեւոր արժէքները մարդոց կրնան օգնել կեանքի շատ մը որոգայթներէն խուսափելու։ Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ո՛ւր կարելի է իսկական հոգեւոր արժէքներ գտնել»։
Awake! May 8
«Մեզմէ շատեր կը ճանչնան շաքարախտէ տառապող անհատ մը։ Այս հիւանդութեան մասին բաւական գիտէ՞ք։ [Պարբերաթերթին կողքը ցոյց տուէք, եւ թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը շաքարախտի պատճառներն ու դարմանումները կը հետազօտէ։ Անիկա նաեւ կը քննարկէ բոլոր հիւանդութիւններուն համար մնայուն դարմանի մը նկատմամբ Աստուածաշունչին տուած խոստումը»։ Եզրափակեցէք Եսայեայ 33։24–ը կարդալով։