Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Apr. 22
«Մերօրեայ աշխարհին մէջ, ոմանք անյոյս են։ Երբեմն այդպէս կը զգա՞ք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Հռովմայեցիս 15։4] Մարդոց մեծամասնութիւնը կը գիտակցի թէ յոյս ունենալը կարեւոր է։ Հաճելի է նկատի առնել յոյս ունենալու Աստուածաշունչի տուած եօթը պատճառները, որ ներկայացուած են Զարթի՛ր–ի այս թիւին մէջ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Մարդկային ընկերութիւնը բարելաւելու նպատակով, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ քաղաքականութեան միջամուխ կ’ըլլան։ Սակայն, նկատի առէք թէ Յիսուս ի՛նչ ըրաւ երբ մարդիկ ուզեցին զինք թագաւոր ընել։ [Կարդացէք Յովհաննու 6։15] Յիսուս կեդրոնացաւ բանի մը վրայ, որ ուրիշներուն մնայուն օգուտ պիտի բերէր։ Այս պարբերաթերթը մանրամասնօրէն կը խօսի անոր մասին»։
May 8
«Շատեր իրենց գործատեղը դժուար պարագաներ կը դիմագրաւեն։ Ոմանք նոյնիսկ իրենց գործընկերներուն կողմէ նեղութիւն կը կրեն։ Գիտէի՞ք թէ Աստուածաշունչը խրատներ կը պարունակէ, որոնք կրնան մեզի օգնել այսպիսի դժուարութիւններու հետ գլուխ ելլելու։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Առակաց 15։1] Այս պարբերաթերթը գործնական թելադրութիւններ կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչպէս կրնանք գործընկերներու հետ խաղաղութիւն պահել»։