Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/05 էջ 1
  • Մասնաճիւղին Նամակը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մասնաճիւղին Նամակը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Մասնաճիւղին մէջ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 9/05 էջ 1

Մասնաճիւղին Նամակը

Սիրելի՝ Թագաւորութեան հրատարակիչներ,

Ծառայութեան նոր տարուան սկիզբը, Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին թաղամասին մէջ 9 նոր շրջաններ կազմուած են,– ընդամէնը 41 նոր շրջաններ, վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին։ 41–էն 22–ը Սպաներէն, 11–ը Անգլերէն եւ մնացեալ 8–ն այլ լեզուներ կը գործածեն։ Այժմ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին թաղամասը կ’ընդգրկէ 580 շրջան եւ 45 նահանգ։

Յատկանշական աշխատանք կը տարուի բարի լուրը տարածելու համար Պերմուտա, Թըրքս եւ Գայգըս կղզիներուն մէջ, որոնք Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին թաղամասին մաս կը կազմեն։ Այս կղզիներուն մէջ ծառայող 679 հրատարակիչները, ամէն ամիս միջին հաշուով 536 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, իսկ իրենց Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւը 1,385 էր,– հրատարակիչներուն թիւին աւելի քան կրկնապատիկը։

Ուոլգիլի մէջ, բազմաթիւ այցելուներ կու գան տեսնելու համար տպարանին նոր բաժինը։ Իր առաջին այցելութենէն ետք, տարեց քոյր մը ըսաւ. «Այս շրջապտոյտը երկիւղ կը ներշնչէր։ Երբ վերադառնամ, եղբայրներուն շատ բաներ պիտի պատմեմ։ Եթէ Եհովան կամենայ, կը ծրագրեմ ամէն տարի դարձեալ այցելել»։

Շրջանային Շինարարական Յանձնախումբի աւելի քան 1,500 կամաւորներու օգնութեան շնորհիւ, տպարանին յաւելեալ բաժինը եւ Պէթէլի շինարարական այլ ծրագիրներ ամբողջացան։ Շինարարութեան վրայ վերահսկող եղբայր մը ըսաւ. «Կամաւորներուն կամեցողութիւնը քաջալերական էր, եւ անոնց փորձառութիւնը մեծ սատար մըն էր։ Անկեղծօրէն կը գնահատենք անոնց մատուցած օգնութիւնը»։

Կ’ուզենք նաեւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել այն հազարաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք 45 նահանգներէ եկան օգնելու համար անոնց, որոնց տուները վնասուեցան կամ կործանեցան՝ Ֆլորիտան հարուածող ոլորամրրիկներուն պատճառով։ Ի՜նչ առանձնաշնորհեալ ենք որ քրիստոնէական սիրալիր եղբայրութեան մը մաս կը կազմենք։—Ա. Պետ. 2։17

Այս նախանձախնդիր գործունէութեամբ Թագաւորութեան շահերը յառաջացնելը գովասանքի արժանի է։ Գործին ի նպաստ ձեր ըրած նիւթական նուիրատուութիւններն ալ շատ կը գնահատենք։ (Առ. 3։9, 10) Կը մաղթենք որ Եհովա մեր միասնական ջանքերը շարունակէ օրհնել, որպէսզի իր «փառքին գովութիւն ըլլանք»։—Եփ. 1։12

Ձեր եղբայրները,

Մ.Ն. Մասնաճիւղ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել