Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/07 էջ 1
  • Մասնաճիւղին Նամակը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մասնաճիւղին Նամակը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մասնաճիւղին մէջ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Աստուածպետական Լուրեր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Մասնաճիւղին Նամակը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 9/07 էջ 1

Մասնաճիւղին Նամակը

Թագաւորութեան սիրելի հրատարակիչներ,

Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ, 2007–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցած գործին յառաջդիմութիւնը տեսնելով մեծապէս կ’ուրախանանք։ Դեկտեմբերին՝ 103,648 կանոնաւոր ռահվիրաներու բարձրագոյն թիւը ունեցանք։ Կարգ մը Պէթէլականներ դաշտին մէջ նշանակուեցան որպէս մասնաւոր ու կանոնաւոր ռահվիրաներ։ Անոնք քարոզչութեան վրայ դրական ազդեցութիւն կ’ունենան։ Մասնաճիւղը նաեւ կը վերահսկէ Թըրքս եւ Գայգըս կղզիներուն մէջ տեղի ունեցող գործունէութեան վրայ։ Հոն՝ Մարտ ամսուն 161 հրատարակիչներ ու ռահվիրաներ տեղեկագրեցին 307 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։

Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի թաղամասին մէջ, «Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է» խորագրով Թագաւորութեան լուրեր Թիւ 37 թերթիկէն մօտաւորապէս 51 միլիոն օրինակ բաշխուեցաւ։ Անգործունեայ քոյր մը օրինակ մը ստանալէ ու կարդալէ յետոյ, քունը փախցուց։ Յաջորդ Կիրակի, ան ժողովի մը ներկայ գտնուեցաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։ Հետաքրքրուած անհատներ՝ Թագաւորութեան լուրեր թերթիկին ետեւը գտնուող կտրօնը գործածելով խնդրեցին 2,286 Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկ եւ 1,087 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն։

Այս տեսակ արշաւներու նպատակն է պարկեշտամիտ անհատներուն օգնել որ սորվին թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։ (Մատթ. 28։19, 20) Մինչ կը քարոզէք, մի՛ մոռնաք նոթագրել որեւէ հետաքրքրութիւն որ կը գտնէք, ապա վերադարձէք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակաւ։ Ուրախ ենք որ միասնաբար ուս–ուսի կ’աշխատինք այս կարեւոր գործունէութեան մէջ, եւ ձեզի կը ղրկենք մեր ջերմ քրիստոնէական սէրը։

Ձեր եղբայրները՝

Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել