Եհովայի փառքը յայտարարէ՛
1 Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։ Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ»։ Երբ կը խորհրդածենք թէ Եհովա մեզի համար ի՛նչ ըրած է, կ’ընէ եւ պիտի ընէ, մեր սիրտը մեզ կը մղէ իր փառքը յայտարարելու։—Սաղմ. 96։1, 3
2 Մեր ծառայութեան մէջ. Եհովայի Վկաները Աստուծոյ անունը կրելու եւ զայն երկրագունդի տարածքին հանրապէս փառաբանելու առանձնաշնորհումը ունին։ (Մաղ. 1։11) Միւս կողմէ, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները յաւակնոտութեամբ Աստուածաշունչի իրենց թարգմանութիւններէն Աստուծոյ անունը կը հանեն։ Աստուծոյ անունը ճանչցնելու գործունէութիւնը հրատապ է, քանի որ մարդիկ այդ անունը հաւատքով պէտք է կանչեն, մօտալուտ մեծ նեղութենէն վերապրելու համար։ (Հռովմ. 10։13-15) Ասկէ զատ, տիեզերական խաղաղութիւնը, ի ներառեալ երկրի բնակիչներուն խաղաղութիւնը, Աստուծոյ անունին սրբացումէն կախեալ է։ Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր գործերը իր անունին հետ առնչուած են։
3 «Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի»։ Բայց որպէսզի մարդիկ կարենան ‘Տէրոջ տալ իր անուան փառքը’, իր մասին ճշմարտութիւնը պէտք է գիտնան։ (Սաղմ. 96։4, 8) Սակայն ոմանք Աստուծոյ գոյութիւնը կ’ուրանան։ (Սաղմ. 14։1) Ուրիշներ զինք կը վատահամբաւեն որպէս անզօր, կամ կը դաւանին թէ մարդկութեան հարցերով հետաքրքրուած չէ։ Պարկեշտամիտ անհատներու օգնելով որ ճշգրիտ գիտութիւն առնեն մեր Արարիչին, իր նպատակներուն եւ իր հաճելի անձնաւորութեան մասին, Եհովան կը փառաբանենք։
4 Մեր վարքով. Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլը զինք կը պատուէ։ Մեր ընտիր վարքը աննկատ չի մնար։ (Ա. Պետ. 2։12) Օրինակ, ոմանք մեր մաքուր ու կոկիկ երեւոյթին համար նպաստաւոր մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնեն, մեզի պատեհութիւն ընծայելով որ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքներով ապրելու օգուտներուն մասին խօսինք։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) Որքա՜ն կ’ուրախանանք երբ ուրիշներ ‘մեր բարի գործերը տեսնելով՝ կը փառաւորեն մեր Հայրը որ երկինքն է’։—Մատթ. 5։16
5 Արդ, ամէն օր խօսքով ու գործով մեր հոյակապ Աստուածը գովաբանենք, ինչպէս սաղմոսերգու կոչ կ’ընէ. «Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք»։—Սաղմ. 96։2