Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/05 էջ 4
  • Մեր ծառայութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեր ծառայութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծառայութիւնդ ամբողջովին կը կատարե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Խանդավառութեամբ ծանուցանէ բարի լուրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ստիպողականութեան Հոգի Պահպանէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Տունէ տուն ծառայութեան մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 11/05 էջ 4

Մեր ծառայութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ

1. Եհովա մեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս կը նկատէ, իսկ մարդիկ ի՞նչպէս կ’ընդառաջեն։

1 Աստուծոյ Խօսքը Քրիստոնեաները կը նկարագրէ որպէս թէ յաղթական թափօրի մը մէջ են։ (Բ. Կորն. 2։14-16) Երբ Աստուծոյ գիտութիւնը կը տարածենք, մեր ծառայութեան ընծաները հաճելի խունկի նման են Եհովայի աչքին։ Ոմանք բարի լուրը հրապուրիչ կը գտնեն, իսկ ուրիշներ զայն կը մերժեն։ Բայց մեծամասնութեան բացասական ընդառաջումը չի նշանակեր թէ մեր գործը անյաջող է։ Նկատի առ թէ մեր ծառայութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ։

2. Մեր ծառայութեամբ ի՞նչ կ’ապացուցանենք։

2 Եհովան պանծացնել. Սատանան կը պնդէ թէ մարդիկ Եհովայի կը ծառայեն եսասիրական պատճառներով։ (Յոբ. 1։9-11) Քրիստոնէական ծառայութեամբ կ’ապացուցանենք թէ Աստուծոյ հանդէպ մեր նուիրումը հարազատ է։ Բազմաթիւ հրատարակիչներ կը շարունակեն քարոզելու եւ աշակերտելու պատուէրին հնազանդիլ, հակառակ իրենց դժուար պարագաներուն կամ մարդոց անտարբերութեան։ Այս հաւատարմութիւնն ու համբերատարութիւնը Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնեն։—Առ. 27։11

3. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ շարունակենք Աստուծոյ անունն ու նպատակը ծանուցանել։

3 Ասկէ զատ, մեր ծառայութիւնը Աստուծոյ նպատակին կատարման մէջ դեր մը կը խաղայ։ Սատանայի աշխարհին մօտալուտ կործանումին առնչութեամբ, Եհովա կ’ըսէ. «Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ (Եզեկ. 39։7) Որպէսզի ազգերը ասիկա գիտնան, անհրաժեշտ է որ Աստուծոյ ծառաները շարունակեն իր անունն ու նպատակը ծանուցանել «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։—Յայտ. 14։6, 7

4. Քարոզչութիւնը ի՞նչպէս որպէս դատաստանի հիմ կը ծառայէ։

4 Դատաստանի հիմ հայթայթել. Բարի լուրի քարոզչութիւնը նաեւ որպէս դատաստանի հիմ կը ծառայէ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Քրիստոս Յիսուս վրէժ պիտի առնէ «անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։ (Բ. Թես. 1։8, 9) Մարդիկ բարի լուրին հանդէպ իրենց բռնած կեցուածքին համաձայն պիտի դատուին։ Ասիկա Աստուծոյ ծառաներուն վրայ ի՜նչ լուրջ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ։ Արիւնապարտութենէ խուսափելու համար, պէտք չէ ետ կենանք Թագաւորութեան փրկարար պատգամը յայտարարելէ։—Գործք 20։26, 27

5. Մեր ծառայութիւնը ի՞նչպէս կ’արտացոլացնէ Աստուծոյ ողորմութիւնը։

5 Մեր յարատեւ ջանքերը, որ մեր դրացիներուն օգնենք Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգելու, Եհովայի ողորմութիւնը կ’արտայայտեն։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Գիտակցելով որ մարդոց կեանքը յարափոփոխ է, կրկին անգամ անոնց կ’այցելենք եւ կը յորդորենք որ Եհովան փնտռեն մինչ ժամանակ կայ։ Այսպէս կ’արտացոլացնենք «մեր Աստուծոյն գթած ողորմութիւնը», որ «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։—Ղուկ. 1։78. Բ. Պետ. 3։9

6. Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած մնալով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։

6 Անձնական օգուտներ. Եհովայի ծառայութեան մէջ զբաղած ըլլալը մեզի պաշտպանութիւն է։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ ի մտի ունենանք ‘Աստուծոյ օրուան գալը’ եւ իրերու ներկայ ամբարիշտ դրութեամբ չպղծուինք։ (Բ. Պետ. 3։11-14. Տիտ. 2։11, 12) Հետեւաբար ‘հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ ըլլանք, ու ամէն ատեն յառաջդիմե՛նք Տէրոջ գործին մէջ’, գիտնալով թէ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր ջանքերը ընդունայն չեն։—Ա. Կորն. 15։58, ԱՎ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել