Տիպար մը՝ ամէն տարիքի
Նոյ Աստուծոյ հետ ջերմ ու մտերիմ յարաբերութիւն մը վայելեց։ Ան իր կեանքը նուիրեց Եհովայի կամքը կատարելու։ Ան օրհնուեցաւ, քանի որ «Աստուծոյ հետ քալեց»։ Ան թէ՛ պզտիկներու եւ թէ չափահասներու կողմէ ընդօրինակուելու արժանի է։ (Ծննդ. 6։9) Նոյ՝ Աստուծոյ հետ քալեց տեսաերիզը քեզի պիտի օգնէ մտապատկերելու թէ Նոյ ինչպիսի՛ կեանք մը վարեց, ինչո՛ւ Եհովայի օրհնութեան արժանացաւ եւ ի՛նչպէս կրնաս անոր լաւ յատկութիւնները ընդօրինակել։
Նոյ տեսաերիզին DVD հրատարակութիւնը հարցարան մը կը պարփակէ։ Տեսաերիզը դիտէ, ապա փորձէ հարցարանին հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել. (1) Հրեշտակներէն ոմանք ի՞նչ սխալ արարք գործեցին, եւ ո՞վ էին Նեֆիլիմները։ (Ծննդ. 6։1, 2, 4) (2) Մարդիկ ինչո՞ւ շատ չարացան, իսկ Աստուած ասոր նկատմամբ ի՞նչ զգաց։ (Ծննդ. 6։4-6) (3) Նոյ ի՞նչ կերպով տարբեր էր։ (Ծննդ. 6։22) (4) Չարերը ի՞նչպէս բնաջնջուեցան։ (Ծննդ. 6։17) (5) Տապանին մեծութիւնը որքա՞ն էր։ (Ծննդ. 6։15) (6) Նոյ ուրիշ ի՞նչ ըրաւ, եւ մարդիկ ի՞նչպէս հակազդեցին։ (Մատթ. 24։38, 39. Բ. Պետ. 2։5) (7) Տապանին մէջ իւրաքանչիւր անասունէն քանի՞ հատ կար։ (Ծննդ. 7։2, 3, 8, 9) (8) Քանի՞ օր անձրեւ տեղաց, եւ որքա՞ն ժամանակ ջուրերը երկրագունդը ամբողջովին ծածկեցին։ (Ծննդ. 7։11, 12. 8։3, 4) (9) Նոյ եւ իր ընտանիքը ինչո՞ւ վերապրեցան։ (Ծննդ. 6։18, 22. 7։5) (10) Տապանը ո՞ւր հանգչեցաւ։ (Ծննդ. 8։4) (11) Նոյ ի՞նչպէս գիտցաւ թէ տապանէն դուրս ելլելը ապահով էր։ (Ծննդ. 8։6-12) (12) Նոյ ի՞նչ ըրաւ երբ տապանէն դուրս ելաւ։ (Ծննդ. 8։20-22) (13) Ծիածանը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ (Ծննդ. 9։8-16) (14) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘Աստուծոյ հետ քալել’։ (Ծննդ. 6։9, 22. 7։5) (15) Դրախտին մէջ Նոյը տեսնելու համար, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։ (Մատթ. 28։19, 20. Ա. Պետ. 2։21)
Հաւատարիմ ու հնազանդ Նոյի մասին Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը քեզի ի՞նչ սորվեցուցած է ‘Աստուծոյ հետ ի՛նչպէս քալելու’ եւ Իր այժմու ժողովուրդը ազատելու Եհովայի կարողութեան վստահելու մասին։—Ծննդ. 7։1. Առ. 10։16. Եբր. 11։7. Բ. Պետ. 2։9