Եհովայի աննման յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կերտէ
1 Մեր ծառայութեան մէջ, Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները ուրիշներուն սորվեցնելէն աւելին կ’ընենք։ Մարդոց կ’օգնենք որ Եհովան ճանչնան որպէս անձ, եւ իր աննման յատկութիւններուն հանդէպ գնահատութիւն կերտեն։ Երբ պարկեշտամիտ անհատներ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը սորվին, անիկա իրենց վրայ խոր ազդեցութիւն կ’ունենայ, զիրենք մղելով որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն, ‘որպէսզի Տէրոջը արժանի կերպով քալեն եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնեն’։—Կող. 1։9, 10. 3։9, 10
2 Ուսումնասիրութեան մեր նոր գիրքը. Սկիզբէն իսկ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը Եհովայի յատկութիւնները ուշադրութեան կը յանձնէ։ Առաջին գլուխը սա հարցումներուն կը պատասխանէ. Աստուած իրապէս քեզմով հետաքրքրուա՞ծ է, Ի՞նչ է Աստուծոյ բնոյթը, եւ Կարելի՞ է Աստուծոյ մօտենալ։ Նոյն գլուխը նաեւ աչքառու կը դարձնէ Եհովայի սրբութիւնը (պարբ. 10), իր արդարութիւնը եւ կարեկցութիւնը (պարբ. 11), իր սէրը (պարբ. 13), իր զօրութիւնը (պարբ. 16), եւ իր ողորմութիւնը, բարերարութիւնը, ներելու կամեցողութիւնը, համբերութիւնը եւ հաւատարմութիւնը (պարբ. 19)։ Իսկ 20–րդ պարբերութիւնը ամփոփում ընելով՝ կ’ըսէ. «Եհովայի մասին ո՛րքան աւելի սորվիս, ա՛յնքան աւելի իրական կը դառնայ քեզի համար եւ ա՛յնքան աւելի պատճառներ կ’ունենաս զինք սիրելու եւ իրեն մօտիկ զգալու»։
3 Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածել, Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու որ Եհովայի մօտենան։ Աստուծոյ մէկ յատկութիւնը ընդգծող պարբերութիւն մը նկատի առնելէ ետք, կրնանք աշակերտին հարցնել. «Ասիկա Եհովայի անձնաւորութեան մասին ի՞նչ կը յայտնէ քեզի», կամ՝ «Ասիկա ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Աստուած քեզմո՛վ հետաքրքրուած է»։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, մերթ ընդ մերթ այսպիսի հարցումներ գործածելով, մեր աշակերտներուն կը սորվեցնենք խոկալ իրենց սորվածին վրայ եւ անոնց կ’օգնենք որ Եհովայի աննման յատկութիւններուն հանդէպ իրենց գնահատութիւնը աւելցնեն։
4 Վերաքաղի շրջանակը գործածէ. Իւրաքանչիւր գլուխի աւարտին, աշակերտէն խնդրէ որ իր բառերով պատասխանէ «Աստուածաշունչի սորվեցուցած կէտերը» շրջանակին մէջ նշուած իւրաքանչիւր կէտին։ Անոր ուշադրութիւնը նշուած համարներուն դարձուր։ Աշակերտին սրտին մէջինը դուրս հանելու համար, երբեմն կրնաս հարցնել. «Այս կէտին շուրջ Աստուածաշունչին սորվեցուցածին նկատմամբ ի՞նչ կը խորհիս»։ Ասիկա ընելով, ո՛չ միայն գլուխին գլխաւոր կէտերը կը շեշտես, այլ նաեւ՝ աշակերտին իսկական հաւատալիքները յստակօրէն կը զատորոշես։ Ասիկա աշակերտին պիտի օգնէ Եհովայի հետ յարաբերութիւն մը մշակելու։