Մեր ‘երանելի Աստուածը’՝ Եհովան ընդօրինակենք
1 Եհովա իրապէս կը փափաքի որ մարդիկ երջանիկ ըլլան։ Իր Խօսքը մարդկութեան իր վերապահած հիանալի օրհնութիւններուն նկատմամբ մեզ սուր ակնկալութեամբ կը լեցնէ։ (Եսայ. 65։21-25) Ուրիշներուն բացայայտ պէտք է ըլլայ թէ «երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարան»ը իրենց ներկայացնելը մեզի համար ուրախութիւն է։ (Ա. Տիմ. 1։11) Թագաւորութեան պատգամին մասին մեր խօսած կերպը պէտք է արտացոլացնէ ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը եւ մեր խօսած անհատներուն հանդէպ մեր իսկական հետաքրքրութիւնը։—Հռովմ. 1։14-16
2 Ճիշդ է որ ուրախ տրամադրութիւն մը պահելը երբեմն դժուար է։ Կարգ մը թաղամասերու մէջ, Թագաւորութեան պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջող քիչ անհատներ կը գտնենք։ Օրեր կան, երբ անձամբ դժուար պարագաներ կը դիմագրաւենք։ Ուրախ հոգի մը պահպանելու համար, պէտք է մտածենք թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մեր թաղամասին մէջ գտնուողները մեր քարոզած Թագաւորութեան բարի լուրը լսեն եւ անոր իմաստը ըմբռնեն։ (Հռովմ. 10։13, 14, 17) Ասոր մասին խոկալը մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ուրախութեամբ ճանչցնել Եհովայի ողորմած կարգադրութիւնները փրկութեան համար։
3 Դրական բաներու վրայ կեդրոնանանք. Նաեւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք մեր ըսած բաներուն։ Թէեւ խօսակցութիւնը կրնանք սկսիլ՝ մարդոց մտքին մէջ թարմ եղող խնդիր մը կամ լուր մը նշելով, սակայն պէտք է խուսափինք անտեղիօրէն բացասական բաներու վրայ կեդրոնանալէ։ Մեր յանձնարարութիւնն է «բարութեան աւետիս» մը բերել։ (Եսայ. 52։7. Հռովմ. 10։15) Այս աւետիսը, պայծառ ապագայի մը վերաբերեալ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ հիմնուած պատգամ մըն է։ (Բ. Պետ. 3։13) Ասիկա ի մտի ունենալով, Սուրբ Գրութիւնները գործածէ՝ «կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու»։ (Եսայ. 61։1, 2) Ասիկա իւրաքանչիւրիս պիտի օգնէ ուրախ հոգի մը եւ դրական կեցուածք մը պահպանելու։
4 Անկասկած, մինչ կը քարոզենք՝ մարդիկ մեր ուրախ մտավիճակը պիտի նկատեն։ Ուստի, մինչ մեր թաղամասին մէջ գտնուողներուն կը քարոզենք Թագաւորութեան բարի լուրը, թող միշտ մեր «երանելի Աստուծոյ»ն՝ Եհովայի տրամադրութիւնը արտացոլացնենք։