Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/00 էջ 1
  • Մենք Բարի՛ Լուր կը Քարոզենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մենք Բարի՛ Լուր կը Քարոզենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Մեր ‘երանելի Աստուածը’՝ Եհովան ընդօրինակենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Բարի լուր մը՝ որուն բոլորը պէտք ունին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Շինիչ եւ Դրական
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 3/00 էջ 1

Մենք Բարի՛ Լուր կը Քարոզենք

1 «Բարի բաներու աւետիսը [«բարի լուրը», ՆԱ]» կրողներ ըլլալը ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է։ (Հռովմ. 10։15) Թարմացուցիչ պատգամ մը ունինք բաժնելու մարդոց հետ, որոնք շփոթութեամբ ու յուսահատութեամբ շրջապատուած են։ Ի՞նչպէս կրնանք օգնել անոնց որպէսզի գիտակցին թէ մենք «աւելի լաւ բաներու բարի լուրը» կը մատուցանենք։—Եսայ. 52։7, ՆԱ

2 Դրական Պատգամ մը Պատրաստենք. Ծառայութեան մէջ մեր խօսակցութիւնները օգտակար ազդեցութիւն պիտի ունենան, եթէ շեշտը շինիչ բաներու վրայ դնենք։ Հետեւաբար, երբ ներկայացումներ կը պատրաստենք եւ ներկայացուելիք գրականութիւնը աչքէ կ’անցընենք, պատգամին դրական երեսակները պէտք է աչքառու դարձնենք։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր յոյսը վստահութեամբ եւ խանդավառութեամբ հաղորդելով, կրնանք քաջալերական արդիւնքներ ակնկալել։—Առ. 25։11

3 Թէեւ կը կարեկցինք, երբ մարդիկ արտայայտուին թէ որքա՛ն ազդուած են աշխարհի վատթարացող վիճակներէն, սակայն պէտք է անոնց ուշադրութիւնը դարձնենք մարդկութեան խնդիրներուն իսկական լուծումին՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ։ Նոյնիսկ երբ Եհովայի մօտալուտ «վրէժխնդրութեան օր»ուան մասին կը խօսինք, կ’ուզենք ցոյց տալ թէ ասիկա ի՛նչ կերպով իրապէս «աղքատներուն աւետիս [«բարի լուր», ՆԱ]» կը նշանակէ։ (Եսայ. 61։1, 2) Կրնանք մեր ունկնդիրները վստահեցնել թէ Եհովայի բոլոր ըրածները, ի վերջոյ մեծագոյն ուրախութիւնը եւ լաւագոյն արդիւնքը պիտի բերեն։

4 Ճշմարտութիւնը Ներկայացնենք Իսկական Ուրախութեամբ. Երբ մարդիկ մեր ուրախ տրամադրութիւնը եւ ձայնի ինքնավստահ թոնը նշմարեն, մտիկ ընելու աւելի հակամէտ կ’ըլլան։ Եթէ լաւատես տեսակէտ մը ցոլացնենք, մեր ունկնդիրները պիտի անդրադառնան թէ մենք ‘յոյսով ուրախ ենք’։ (Հռովմ. 12։12) Հետեւաբար, բարի լուրին ընդառաջելու աւելի հակամէտ կրնան ըլլալ։ Վստահաբար, լաւ պատճառ ունինք միշտ դրական եւ ուրախ կեցուածք մը յայտնաբերելու ծառայութեան բոլոր մարզերուն մէջ։

5 Որպէս բարի լուրի քարոզիչներ, մենք տեղեկացնելէ շատ աւելին կ’ընենք։ Մեր քարոզչութիւնը, աւելի լաւ կեանքի մը վստահ յոյսը կը հրամցնէ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային համար։ (Ա. Տիմ. 4։8) Մինչ իւրաքանչիւր անհատի կը մօտենանք, մեր դրական մտածելակերպը պիտի դրսեւորուի մեր ըսածով, եւ անհատներուն պիտի օգնէ որ բարի լուրը ընդունին։ Մեր ըսածի՛ն եւ զայն ի՛նչպէս ըսելուն ուշադրութիւն ընծայելով, պարկեշտ սիրտ ունեցողները մղենք որ մեր քարոզած ոգեւորիչ բարի լուրը ողջունեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել