Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ անաչառօրէն քարոզելով
1 Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ երկնքի մէջ թռչող հրեշտակ մը, որ յաւիտենական աւետիսը կը ծանուցանէր «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։ (Յայտ. 14։6) Հրեշտակին առաջնորդութեան հետեւելով անաչառօրէն կը քարոզե՞նք։ Թերեւս չենք անդրադառնար որ նախապաշարուած տեսակէտներ ունինք։ Մեր հանդիպած անհատներուն հանդէպ մեր տեսակէտը կրնայ ազդել բարի լուրը անոնց ներկայացնելու կերպին։ Հետեւաբար, տարբեր ենթահողեր ունեցող անհատներու քարոզելու ատեն, հարազատ ու սիրալիր հետաքրքրութիւն պէտք է ցուցաբերենք։
2 Թաղամասդ աչքէ անցուր. Թաղամասիդ մէջ գաղթականներ կամ ապաստանեալներ կ’ապրի՞ն։ Զանոնք դիւրաւ կարելի է անտեսել, ուստի ջանա՛ անոնց հանդիպիլ ու զիրենք մօտէն ճանչնալ։ Ի՞նչ են անոնց կարիքներն ու հետաքրքրութիւնները, սիրած ու չսիրած բաները, վախերն ու նախապաշարումները։ Փորձէ Թագաւորութեան պատգամին ներկայացումը ըստ այնմ յարմարցնել։ (Ա. Կորն. 9։19-23) Պօղոս առաքեալին նման, բարի լուրը մեր թաղամասին մէջ գտնուող բոլոր մարդոց քարոզելու պարտաւորութիւնը պէտք է զգանք, ի ներառեալ՝ օտար երկրէ եկողները, տարբեր մշակոյթ ունեցողները, օտարախօսները կամ մեծահարուստները։—Հռովմ. 1։14
3 Սակայն օտարախօսի մը ի՞նչպէս կրնաս վկայել։ Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը գործածէ։ Կրնաս նաեւ հետդ ունենալ թաղամասիդ մէջ սովորաբար խօսուած լեզուներով թերթիկներ կամ գրքոյկներ։ (Տես՝ Յուլիս 2003–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 4, պարբ. 2-3։) Ասկէ զատ, կարգ մը հրատարակիչներ սորված են օտար լեզուներով բարեւ տալ եւ պարզ ներկայացում մը ընել։ Յաճախ մարդիկ կը տպաւորուին, երբ մէկը ջանայ իրենց հետ խօսիլ իրենց լեզուով, նոյնիսկ սահմանափակ կերպով, եւ ասիկա կրնայ զիրենք բարի լուրին հրապուրել։
4 Եհովան ընդօրինակէ. Տարբեր ենթահողեր ունեցող մարդոց քարոզելով, մեր անաչառ Աստուածը՝ Եհովան կ’ընդօրինակենք, որ «կ’ուզէ որ բոլոր [«ամէն տեսակ», ՆԱ] մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմ. 2։3, 4