Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Nov.
«Ոմանք կը խորհին թէ տեղի ունեցող բոլոր բաներուն պատասխանատուն Աստուած է։ Երբ ողբերգութիւն մը պատահի, անոնք կ’ըսեն թէ Աստուած զայն պատճառելու վաւերական պատճառ մը ունի։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յակոբու 1։13–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ տառապանքին պատճառին մասին եւ թէ Աստուած ի՛նչ կ’ընէ անոր վերջ դնելու համար»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Դեկտեմբեր 1
«Որովհետեւ աշխարհի մէջ փտածութիւնը լայնատարած է, ոմանք հարց կու տան. ‘Ինչո՞ւ շիտակը ընելու համար ծանր պայքար պէտք է մղեմ’։ Բնաւ այսպէս խորհա՞ծ ես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ սա քաջալերական խօսքերը։ [Կարդա՛ Առակաց 2։21, 22–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ ուղիղ ըլլալու պատճառները»։
Dec.
«Քու կարծիքով, ո՞վ է ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր Յիսուսը կը նկատեն մեծագոյն մարդը։ Նկատի առ թէ ան երկրին համար ի՛նչ պիտի ընէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Կառավարիչը։ [Ցոյց տուր էջ 8-9–ի վրայ գտնուող պատկերը, եւ կարդա՛ աչքառու դարձուած համարներէն մէկը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Յիսուս ասիկա ի՛նչպէս եւ ե՛րբ պիտի իրագործէ»։