Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Nov.
«Մեր այս գիտական ու սկեպտիկական դարուն, շատեր կը խորհին թէ Աստուածաշունչը ժամանակավրէպ է։ Ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Գիտէի՞ր թէ Աստուածաշունչին մէջ գիտութեան առնչուած ամէն խօսք ճշգրիտ է։ [Կարդա՛ Յոբ 26։7–ն։] Զարթի՛ր–ի այս մասնայատուկ թիւը ուշագրաւ պատճառներ կու տայ թէ ինչո՛ւ կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Դեկտեմբեր 1
«Այս հարցումին ի՞նչ կը պատասխանես։ [Կողքին վրայ նշուած հարցումը կարդա՛, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուծոյ նպատակն է որ մարդկային ցեղը միանայ։ [Կարդա՛ Սաղմոս 46։8, 9–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ ի՛նչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ միութիւնը իրագործելու կերպին մասին»։
Dec.
«Ոմանք կը խորհին թէ մահը անցք մըն է դէպի անդէնական աշխարհ, իսկ ուրիշներ կը հաւատան թէ ան վերջաւորութիւնն է։ Անհատապէս կը խորհի՞ս թէ մահը վախազդու բան մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Յոբ իր մահուան նկատմամբ ի՛նչ զգաց։ [Կարդա՛ Յոբ 14։14, 15–ը։] Այս պարբերաթերթը՝ մահուընէ ետք մեզի ի՛նչ պատահելուն մասին Աստուածաշունչի յստակ բացատրութիւնը կու տայ»։