Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/07 էջ 1
  • «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա կը զօրացնէ յոգնածները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Եհովա յոգնածին ոյժ կու տայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • ‘Հաւատքին Խօսքերով Սնանինք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 5/07 էջ 1

«Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»

1 Բոլորս ալ ատեն–ատեն կը յոգնինք։ Անիկա ո՛չ միայն աշխատանքի կամ ֆիզիքական այլ գործունէութեան մը հետեւանքը կրնայ ըլլալ, այլեւ՝ այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն հետեւանքը։ (Բ. Տիմ. 3։1) Որպէս Եհովայի ծառաներ, ի՞նչպէս կրնանք հարկ եղած հոգեւոր զօրութիւնը ձեռք ձգել, մեր ծառայութեան մէջ չդանդաղելու համար։ «Սաստիկ զօրութիւն» ունեցողին՝ Եհովայի ապաւինելով։ (Եսա. 40։26) Ան մեր կարիքներուն կը գիտակցի եւ մեզի օգնելու հարազատ հետաքրքրութիւն ունի։—Ա. Պետ. 5։7

2 Եհովայի հայթայթումները. Եհովա մեզ կը զօրացնէ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, այն նոյն անդիմադրելի ոյժը՝ որ գործածեց տիեզերքը ստեղծելու համար։ Եթէ ուժասպառ դառնանք, Աստուծոյ հոգին մեզի կ’օգնէ որ մեր ‘ոյժը նորոգուի’։ (Եսա. 40։31) Դուն քեզի հարց տուր. ‘Վերջին անգամ ե՞րբ էր որ մասնայատուկ կերպով աղօթեցի որ սուրբ հոգին զիս զօրացնէ՝ քրիստոնէական պարտաւորութիւններս կատարելու համար’։—Ղուկ. 11։11-13

3 Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը ամէն օր կարդալով ու անոր վրայ խոկալով, եւ մեր քրիստոնէական հրատարակութիւններուն կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ հոգեւորապէս սնուցանուելով, ‘ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլանք, որ իր ժամանակին իր պտուղը կու տայ եւ իր տերեւը չի թափիր’։—Սաղմ. 1։2, 3

4 Եհովա նաեւ հաւատակիցներ կը գործածէ, որոնք կրնան «զօրացուցիչ սատար» ըլլալ մեզի։ (Կող. 4։10, 11, ՆԱ) Անոնք մեզ կը զօրացնեն ժողովքային հանդիպումներուն, իրենց շինիչ խօսակցութեամբ, մեկնաբանութիւններով ու դասախօսութիւններով։ (Գործք 15։32) Յատկապէս Քրիստոնեայ երէցները հոգեւոր օգնութիւն ու կազդուրիչ քաջալերութիւն կը հայթայթեն։—Եսա. 32։1, 2

5 Ծառայութիւնը. Եթէ յոգնած զգաս, քարոզելէ մի՛ դադրիր։ Ուրիշ գործունէութիւններու հակառակը, կանոնաւորաբար ծառայութեան մասնակցիլը մեզ իսկապէս կը կազդուրէ։ (Մատթ. 11։28-30) Բարի լուրը քարոզելը մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնացած մնալու եւ յաւիտենական կեանքն ու անոր պայծառ հեռանկարները ի մտի ունենալու։

6 Այս ամբարիշտ դրութիւնը կործանուելէն առաջ ընելիք շատ բան կայ։ Ամէն պատճառ ունինք մեր ծառայութեան մէջ հաստատ մնալու՝ «Աստուծոյ հայթայթած ոյժին համեմատ»։ (Ա. Պետ. 4։11, ԱՎ) Եհովայի օգնութեամբ մեր գործը պիտի ամբողջացնենք, քանի որ «անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»։—Եսա. 40։29

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել