Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Oct.
«Բոլորս ալ սիրելիներ կորսնցուցած ենք։ Կը խորհի՞ս թէ անոնք երկնքէն մեզ կը դիտեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ երբ Ղազարոս մեռաւ։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 11։11–ը։] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ մեռելները տեղ մը ո՛ղջ են թէ քնացած են՝ յարութեան սպասելով»։ Ներկայացուր էջ 28–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Նոյեմբեր 1
«Շատեր կը խորհին թէ ապագան ա՛յնքան անորոշ է որ աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ միայն ներկայի համար ապրինք։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Յիսուս սա հետաքրքրական խօսքը ըսաւ։ [Կարդա՛ Մատթէոս 6։34–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք ապագայի համար ծրագիրներ ընել, բայց միեւնոյն ատեն խուսափելով անոր մասին անտեղիօրէն մտահոգուելէ»։
Nov.
«Անցեալին, մարդիկ յաճախ առաջնորդութեան համար Աստուածաշունչին կը դիմէին։ Բայց ներկայիս շատեր անոր նկատմամբ կասկածներ ունին։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։] Զարթի՛ր–ի այս մասնայատուկ թիւը ուշագրաւ ապացոյցներ կու տայ թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ ներշնչուած է»։