Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Oct. 22
«Շատեր երախաները փոքր տարիքէն կրթելու կարեւորութիւնը կը տեսնեն։ Կը խորհի՞ս որ ասոր կարիք կայ ներկայիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Առակաց 22։6–ը։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը կը քննարկէ մասնայատուկ բաներ, որ ծնողներ կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու որ պարկեշտ ու յաջող չափահասներ դառնան»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Նոյեմբեր 1
«Ոմանք կը հաւատան թէ որքա՛ն աւելի դրամ ունենան, ա՛յնքան աւելի գոհացուցիչ կեանք կը վայելեն։ Կը խորհի՞ս որ ասիկա շիտակ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ մեծահարուստ մարդ մը ի՛նչ գրեց։ [Կարդա՛ Ժողովողի 5։10–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ արժէքներ, որոնք նիւթական հարստութիւնը կը գերազանցեն»։
Nov. 8
«Չե՞ս համաձայնիր որ երախաները առաջնորդութեան կարիք ունին, որպէսզի իրենց դիմագրաւած ճնշումներուն տոկան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եփեսացիս 6։4–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ կրթութեան իսկական իմաստը։ Անիկա նաեւ կը բացատրէ թէ ծնողները ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակները ուղղել եւ սրբագրել, առանց վհատեցնելու զանոնք»։