Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Oct. 22
«Շատեր կը սիրեն օրաթերթը կարդալ։ Կը խորհի՞ս թէ կրնանք օրաթերթերուն հայթայթած տեղեկութիւններուն վստահիլ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը թելադրութիւններ կը ներկայացնէ թէ ի՛նչպէս կրնանք օրաթերթը օգտակար կերպով կարդալ, եւ ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ զգոյշ ըլլալու հարկ կայ»։ Կարդա՛ Առակաց 14։15–ը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Նոյեմբեր 1
«Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անիրաւութիւններուն պատճառով շատեր խռոված են։ Կը խորհի՞ս թէ մէկը կրնայ իրապէս աշխարհը փոխել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը փոփոխութեան խոչընդոտները նկատի կ’առնէ, եւ ցոյց կու տայ թէ ո՛վ պիտի յաղթահարէ զանոնք, եւ ի՛նչպէս խաղաղ ու ապահով աշխարհ մը պիտի հաստատէ»։ Կարդա՛ Սաղմոս 72։12-14–ը։
Nov. 8
«Համայն աշխարհ մէջ, հարուստներուն եւ աղքատներուն միջեւ հսկայ խրամատ գոյութիւն ունի։ Կը խորհի՞ս թէ այս խրամատը գոցելու կերպ մը կայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10–ն։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութիւնը տառապեցնող անհաւասարութիւնը պիտի չքացնէ»։