Կոտրած սիրտ ունեցողները մխիթարէ
1 Մարդկային պատմութեան մէջ երբեք մխիթարութեան ա՛յսքան մեծ կարիք չէ եղած։ Մեր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, մենք ալ կը ջանանք «կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկել»։—Եսա. 61։1
2 Մօտեցում. Մարդիկը մխիթարելու համար, մեր ծառայութիւնը պէտք է յատկանշուած ըլլայ հաւասարակշիռ ու դրական ներկայացումով մը։ Երբ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող վատ արարքներուն ու սուտ ուսուցումներուն մասին նուազագոյն չափով խօսինք, աստուածաշնչական ճշմարտութիւնը եւ Աստուծոյ մխիթարիչ խոստումներուն պայծառ յոյսը խօսակցութեան մէջ գլխաւոր տեղը պիտի գրաւեն։ Ասիկա չի նշանակեր թէ Արմագեդոնին մասին պէտք չէ խօսինք։ Մեր յանձնարարութիւնն է՝ «Տէրոջը ընդունելի տարին ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակել» եւ ‘ամբարշտին ըսել որ իր չար ճամբայէն զգուշանայ’։ Սակայն Արմագեդոնին մասին ազդարարելը եւ անոր կործանարար հետեւանքներուն մասին խօսիլը չի նշանակեր Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին բնաբանը շուքի մէջ ձգել։—Եսա. 61։2. Եզեկ. 3։18. Մատթ. 24։14
3 Դռնէ դուռ. Անսովոր չէ գտնել անհատներ, որոնք հիւանդութեան, սիրելիի մը մահուան, անիրաւութիւններու կամ տնտեսական խնդիրներու պատճառաւ վհատած են։ Քրիստոսը ընդօրինակելով՝ ‘կը խղճանք’ եւ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հետ կարեկցաբար կը վարուինք։ (Ղուկ. 7։13. Հռովմ. 12։15) Թէեւ խնդրին առնչուած մէկ կամ երկու համար կը կարդանք, բայց պէտք է ‘լսելու մէջ արագ ըլլանք’, անհատին թոյլ տալով որ իր զգացումները արտայայտէ։ (Յակ. 1։19) Մտիկ ընելէ յետոյ, աւելի ի վիճակի կ’ըլլանք զինք մխիթարելու։
4 Խօսակցութեան ընթացքին, յարմար մէկ պահուն կրնանք ըսել. «Կը փափաքիմ Աստուածաշունչէն կարգ մը քաջալերական խօսքեր ցոյց տալ քեզի»։ Լաւ դատողութիւն պէտք է գործածենք, որպէսզի անհատին նշած իւրաքանչիւր սխալ տեսակէտը չհերքենք։ Փոխարէն, պէտք է կեդրոնանանք զինք քաջալերելու եւ մխիթարելու վրայ, Սուրբ Գրութիւնները գործածելով՝ անհատին սիրտը ամրապնդելու համար։ Այս առնչութեամբ, կրնաս Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը գործածել, «Քաջալերութիւն» ենթագլուխին ներքեւ, էջ 117-121 [կամ՝ 104-108, Արաբ.]։ Կամ, կրնաս տանտիրոջ Մխիթարութիւն յուսալքեալներուն խորագրով թերթիկը տալ եւ անոր քաջալերական տեղեկութիւնները աչքէ անցընել։
5 Ուրիշները մխիթարելու առիթներ փնտռէ. Գիտե՞ս մէկը որ մխիթարութեան կարիք ունի, ինչպէս՝ դրացի, գործակից, դպրոցակից կամ ընտանիքի անդամ մը։ Կրնա՞ս ջանք թափել որ անոր այցելես իր տան մէջ, Սուրբ Գրութիւններէն մխիթարութիւն տալու նպատակակէտով։ Ի մտի ունենալով թէ ան ինչո՛ւ մխիթարութեան կարիք ունի, կրնաս այդ յատուկ պարագային համար նախապատրաստուիլ։ Այս ուղղութեամբ, ոմանք նամակներ գրած կամ հեռաձայնած են։ Դրացիի հանդէպ իսկական սէրը մեզ պիտի մղէ կարեկցութիւն ցուցաբերելու եւ Սուրբ Գրութիւններէն հարկ եղած մխիթարութիւնը հայթայթելու։—Ղուկ. 10։25-37
6 Արդարեւ, մեզի յանձնարարութիւն տրուած է սգաւորները մխիթարել, սրտաբեկները քաջալերել եւ պայծառ ապագայի մը մասին յոյս տալ։ Ասիկա է այն մխիթարութիւնը՝ որուն մեր շուրջինները կարիք ունին։ Աստուծոյ խոստացած բարի բաներուն մասին ուրախութեամբ խօսիլը, պարկեշտամիտ անհատներուն մխիթարութիւն եւ յոյս պիտի տայ։ Թող միշտ յիշենք կոտրած սիրտ ունեցողները մխիթարելու կարիքը։