Ամրոցներ կը քակենք
1 Դարեր շարունակ, Սատանան սուտ ուսուցումներ ու խաբէութիւն գործածելով, շատերու սրտին ու մտքին մէջ խոչընդոտներ կերտած է։ Ան Երրորդութեան, հոգիի անմահութեան եւ դժոխքի կրակին նման վարդապետութիւններ յառաջացուցած է։ Ան Ստեղծիչի մը գոյութեան մասին կասկածներ կը յարուցանէ եւ Աստուածաշունչի հեղինակութեան մասին՝ սկեպտիկութիւն։ Ցեղապաշտութիւնն ու ազգայնականութիւնը ճշմարտութեան լոյսին արգելք հանդիսացող այլ հսկայական խոչընդոտներ են։ (Բ. Կոր. 4։4) Ի՞նչպէս կրնանք այսպիսի ամրոցանման հաւատալիքներ քակել։—Բ. Կոր. 10։4, 5
2 Զգացումներ պարփակուած են։ Երբեմնի կրօնական հաւատալիքները յաճախ անհատի մը խոր զգացումներուն հետ առնչուած են։ Ոմանք իրենց մանկութենէն ի վեր սխալ հաւատալիքներու կառչած են։ Այսպիսիներուն օգնելու համար այնպէս մը պէտք է խօսինք որ անոնց տեսակէտին հանդէպ յարգանք ցոյց կու տայ։—Ա. Պետ. 3։15
3 Այսպիսիները կը պատուենք երբ անոնց թոյլ կու տանք որ բացատրեն թէ ի՛նչ բանի կը հաւատան եւ ինչո՛ւ։ (Յակ. 1։19) Թերեւս անոնք հոգիի անմահութեան կը հաւատան, քանի որ սիրելի մը կորսնցուցած են եւ կը տենչան զինք դարձեալ տեսնել։ Կամ թերեւս տօները կը պահեն, քանի որ ասոնք ընտանիքին հետ ժամանակ անցընելու առիթներ կը ներկայացնեն։ Անոնց արտայայտութիւնները մտիկ ընելը պիտի նպաստէ անոնց զգացումները հասկնալու եւ մեզի պիտի օգնէ ազդու կերպով պատասխանելու։—Առ. 16։23
4 Յիսուսը ընդօրինակէ։ Յիսուս մեզի համար ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ, երբ օրինականի մը հարցումներուն պատասխանեց։ Յիսուս ուղղակի պատասխաններ չտուաւ, զորս մարդը կրնար մերժել իր արժեւորած հաւատալիքներուն պատճառաւ։ Փոխարէն, Յիսուս Սուրբ Գրութիւններուն ակնարկութիւն ըրաւ, զինք հրաւիրելով որ իր տեսակէտը արտայայտէ եւ անոր օգնեց որ օրինակի մը միջոցաւ պատճառաբանէ։—Ղուկ. 10։25-37
5 Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները կրնան արմատացած սուտ կրօնական հաւատալիքները փոխարինել։ (Եբ. 4։12) Համբերութեամբ մարդոց սրտին կոչ ընելով, թերեւս կարենանք անոնց օգնել որ ստութիւնները մերժեն եւ ողջունեն այն ճշմարտութիւնը որ կրնայ զիրենք ազատել։—Յովհ. 8։32