Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը գիրքին ուսումնասիրութիւնը
1 Օգոստոս 4–ով սկսող շաբթուան ընթացքին, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ՝ Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը գիրքը պիտի սկսինք ուսումնասիրել։ Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու ծառայութիւնը վերաքաղ ընելը շա՜տ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Որովհետեւ այս գիրքը մեր ուսումնասիրած միւս գիրքերէն տարբեր կերպով ծրագրուած է, կարգ մը ուղեգծեր օգտակար պիտի ըլլան։
2 Գիրքին էջերը թիւ չունին, ուստի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ հրատարակուած յայտագիրը կը նշէ ուսումնասիրուելիք գլուխները, սովորաբար՝ իւրաքանչիւր շաբաթ երեք կամ չորս գլուխ։ 35, 111 եւ 116–րդ գլուխներէն իւրաքանչիւրը երկու ուսումնասիրութեան նիւթերու բաժնուած է։ Որակեալ եղբայր մը լման գլուխ մը (կամ լման ենթագլուխ մը, ինչպէս է պարագան 35, 111 եւ 116–րդ գլուխներուն) ընթերցելէ ետք, ուսումնասիրութեան վարիչը պիտի ուղղէ գլուխին վերջաւորութեան գտնուող հարցումները, որոնք կը համապատասխանեն ընթերցուած գլուխին կամ հատուածին։ Պատասխանները միշտ իրարու չեն յաջորդեր։ Հակիրճ եւ ուղղակի մեկնաբանութիւնները, դասին բովանդակած տեղեկութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլան։
3 Անկէ ետք, ժամանակին ներած չափով, գլուխին վերջաւորութեան նշուած բոլոր համարները պէտք է կարդացուին։ Երկար համարները կարելի է աւելի փոքր մասերու բաժնել, որպէսզի տարբեր անհատներ մասնակցին ընթերցանութեան, ապա՝ ընթերցուած համարներուն մասին մեկնաբանութիւններ կրնան տրուիլ։ Վարիչին կողմէ պատրաստուած հարցումները պիտի օգնեն որ իմաստալից պատասխաններ առնուին, որոնք ցոյց կու տան թէ կարդացուած համարները ի՛նչպէս գիրքին աչքառու կէտերուն հետ առնչուած են։ Բոլոր հարցումներն ու պատասխանները պէտք է օգնեն ներկաներուն որ իրենց ուշադրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, իր կեանքի ընթացքին եւ ուսուցումներուն վրայ կեդրոնացնեն։
4 Մեծագոյն մարդը գիրքը Յիսուսի կեանքը նկատի կ’առնէ ժամանակագրական շարքով։ Դէպքերը երեւակայելը եւ անոնց ո՛ւր պատահիլը մտքին մէջ դրոշմելը, զանոնք յիշելու իսկապէս կը նպաստեն։ Հետեւաբար գունագեղ պատկերները նկատի առէք եւ յաճախ ակնարկումներ ըրէք գիրքին սկիզբը, ներածականէն ետք գտնուող քարտէսին։
5 Որոշուած նիւթը ծածկելու մէջ մեր յաջողութիւնը մեծաւ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ բոլոր ներկաներուն պատրաստութենէն։ Յատկապէս վարիչը ամէն շաբաթ պէտք է լաւ պատրաստուած ըլլայ, խումբին օգնելով որ մօտէն ծանօթանայ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի։
6 Ամէն ով որ կը փափաքի յաւիտենական կեանք ունենալ, Յիսուս Քրիստոսի մասին գիտութիւն պէտք է ստանայ։ (Յովհ. 17։3) Այս գիրքը ուսումնասիրելու մեր նախանձախնդիր ջանքերը կրնան կարելի դարձնել որ մեր կեանքը ազդուի ցարդ ապրած մեծագոյն մարդէն։