Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Յունիս 1
«Ներկայիս աղէտներուն աւելնալը պատճառ եղած է որ ոմանք հարց տան թէ արդեօք Աստուած մեզ կը պատժէ՞։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։8–ը։] Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ բնական աղէտներուն պատճառած տառապանքին պատասխանատուն ինչո՛ւ Աստուած չէ»։ Ներկայացուր էջ 10–ի վրայ գտնուող յօդուածը։
June
«Վստահաբար կը համաձայնիս թէ պատանեկութեան տարիները դժուար են, յատկապէս՝ պատանիներուն ու անոնց ծնողներուն համար։ Կը խորհի՞ս թէ սա խրատին հետեւիլը ծնողական հմտութիւնները կրնայ բարելաւել։ [Կարդա՛ Յակոբոս 1։19–ն։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթին մէջ, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գործնական թելադրութիւնները պիտի հաւնիս»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յուլիս 1
«Աստուածաշունչի ամենահռչակաւոր պատմութիւններէն մէկն է՝ Նոյի ու Ջրհեղեղին պատմութիւնը։ Կը խորհի՞ս թէ այդ Ջրհեղեղը իրապէս տեղի ունեցաւ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Հետաքրքրականօրէն, Յիսուս անոր ակնարկութիւն ըրաւ որպէս իսկական դէպք մը։ [Կարդա՛ Ղուկաս 17։26, 27–ն։] Այս պարբերաթերթը Ջրհեղեղի պատմութեան հաւատալու պատճառներ կու տայ եւ կը բացատրէ անկէ քաղուելիք կենսական դասերը»։
July
«Ամոլներ հետզհետէ աւելցող ճնշումներու կ’ենթարկուին, եւ բազմաթիւ ամուսնութիւններ ամուսնալուծումով վերջ կը գտնեն։ Կը խորհի՞ս թէ այս խրատին հետեւիլը ամուսնութեան յաջողութեան պիտի նպաստէ։ [Կարդա՛ Առակաց 12։18–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ Աստուածաշունչի այլ սկզբունքներ ալ, որոնք կրնան ամոլներուն օգնել իրենց յարաբերութիւնը ամրապնդելու»։