Երբ տանտէր մը օտար լեզու մը կը խօսի
1. Ինչո՞ւ հետզհետէ աւելի կարիք կայ որ թաղամասերուն մէջ քարոզելու ատեն համագործակցութիւն ըլլայ։
1 Աշխարհի տարածքին, յաճախակիօրէն Թագաւորութեան հրատարակիչները կը գտնեն հետաքրքրուած անհատներ, որոնք հրատարակիչին ժողովքին խօսած լեզուէն տարբեր լեզու մը կը խօսին։ Այսպիսիներուն հոգեւորապէս աջակցելու համար, մասնաճիւղերէն շատեր անհրաժեշտ կը տեսնեն լեզուական խումբեր ու ժողովքներ կազմել։ Քանի որ մէկ շրջանի մէջ քանի մը լեզուներ կրնան խօսուիլ, տարբեր լեզուներ խօսող քանի մը ժողովքներ թերեւս նոյն թաղամասին մէջ քարոզեն։ Ժողովքները ի՞նչպէս կրնան համագործակցիլ, վստահ ըլլալու համար թէ քարոզչութիւնը կարգապահօրէն կը կատարուի։—Ա. Կոր. 14։33
2. Դռնէ դուռ քարոզելու ընթացքին, ի՞նչպէս կրնանք մեր շրջանին մէջ գտնուող օտարախօս խումբի մը կամ ժողովքի մը հետ համագործակցիլ։
2 Լաւ համագործակցութիւն. Երբ հրատարակիչ մը փողոցը կամ անպաշտօն կերպով կը քարոզէ, ան պէտք է ազատ զգայ մօտենալու ոեւէ մէկու, ի ներառեալ՝ օտարախօս անհատի մը եւ անոր հրատարակութիւն մը ներկայացնելու իր նախընտրած լեզուով։ Սակայն, երբ տունէ տուն կը քարոզենք թաղամասերու մէջ, ուր կարգ մը այլ օտարախօս խումբեր կամ ժողովքներ ալ կը քարոզեն, ընդհանրապէս հրատարակիչը պէտք է կեդրոնանայ այն տուներուն վրայ, որոնց բնակիչները հրատարակիչին պատկանած ժողովքին լեզուն կը խօսին։ Երբ տարբեր ժողովքներ նոյն շրջանին մէջ կը քարոզեն, լաւ արձանագրութիւն մը պահելը շատ կարեւոր է։ Ծառայութեան տեսուչները պէտք է իրարու հետ հաղորդակցին եւ հարցերը համակարգեն՝ բոլորին օգտակար եղող կերպով մը։ (Առ. 11։14) Սակայն, եթէ հրատարակիչ մը դռնէ դուռի ընթացքին օտարախօսի մը հանդիպի եւ այդ լեզուով ժողովքներ չկան մօտակայքը, ան պէտք է ջանայ վկայութիւն մը տալ եւ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը հետապնդել։
3. Ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ պատահի որ տարբեր լեզուական խումբի կամ ժողովքի մը պատկանող հրատարակիչներու հանդիպինք, որոնք նոյն թաղամասին մէջ կը քարոզեն։
3 Նոյն գործը. Եթէ պատահի որ տարբեր ժողովքներէ հրատարակիչներ նոյն օրը նոյն շրջանին մէջ կը քարոզեն, հարցերը ի՞նչպէս ձեռք պէտք է առնուին։ Անշուշտ, քրիստոնէական սէրը լեզուական բոլոր արգելքները պէտք է գերազանցէ, եւ բոլորն ալ գլխաւորաբար հետաքրքրուած պէտք է ըլլան թաղամասի մարդոց կարիքներով։ (Յովհ. 13։34, 35) Հետեւաբար, առաջնորդութիւն առնողները բանաւորութիւն ու սէր պիտի ցուցաբերեն, որոշելով թէ ո՛ր խումբը պէտք է ժամանակաւորապէս տարբեր թաղամաս մը փոխադրուի։—Յակ. 3։17, 18
4. Ներկայիս ո՞ր մարգարէութիւնը կը կատարուի։
4 Աստուածաշունչը մարգարէացաւ որ տարբեր լեզուներու պատկանող անհատներ բարի լուրը պիտի լսեն։ (Յայտ. 14։6, 7) Սերտ համագործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կանխարգիլել տարբեր լեզուական խումբի կամ ժողովքի մը պատկանող հրատարակիչներու հանդիպումը նոյն թաղամասին մէջ, նաեւ բազմաթիւ նորեկներու բարի լուրը պիտի քարոզուի, ի ներառեալ՝ տարբեր լեզու խօսողներուն։—Եփ. 4։16