Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Յունիս 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 5 Մայիսէն մինչեւ 30 Յունիս 2008 շաբաթներուն նշանակումները։ [Ծանօթութիւն. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տեսնել Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու թէ մեր գործածած օրինակները հասկնալի են։ [կօ էջ 242 պարբ. 3–էջ 243 պարբ. 1]
2. Ծանօթ վիճակներէ առնուած պարզ օրինակները ինչո՞ւ ազդու են։ [կօ էջ 245 պարբ. 2-4]
3. Օժանդակ պիտոյքներու ազդու գործածութիւնը ո՞րքան կարեւոր է, եւ Եհովա զանոնք ի՞նչպէս գործածեց կենսական դասեր սորվեցնելու։ (Ծննդ. 15։5. Երեմ. 18։6. Յովն. 4։10, 11) [կօ էջ 247 պարբ. 1-2]
4. Ի՞նչպէս կրնանք օժանդակ պիտոյքներ գործածել մեր ուսուցումը բարելաւելու։ [կօ էջ 248 պարբ. 1-3]
5. Երբ Աստուածաշունչի աշակերտներուն կ’ուսուցանենք, ի՞նչպէս կրնանք քարտէսները որպէս օժանդակ պիտոյքներ գործածել։ [կօ էջ 248 պարբ. 4]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը մեզի պիտի օգնէ ի՞նչ ըմբռնելու։ [կօ էջ 32 պարբ. 3-4]
7. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը գործածել համարի մը իմաստը պրպտելու։ [կօ էջ 34 պարբ. 4–էջ 35 պարբ. 2]
8. Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ, մարդկութիւնը օրհնելու Եհովայի խողովակին՝ Յիսուսի դերը ի՞նչպէս շեշտուած է։ [si էջ 198 պարբ. 32]
9. Աստուածաշնչական ո՞ր հիման վրայ Գործք գրքին գրութիւնը բժիշկ Ղուկասի կը վերագրուի։ [si էջ 199 պարբ. 3. էջ 200 պարբ. 5-7]
10. Ընդհանուր առմամբ, դասախօսութեան մը ուրուագիծը ի՞նչպէս կրնայ պատրաստուիլ։ [կօ էջ 39-41]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Ո՞ր տաճարը «քառասունվեց տարուան մէջ շինուեցաւ»։ (Յովհ. 2։20) [դ08 4/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
12. Որո՞նք ‘մահէն դէպի կեանք կ’անցնին’։ (Յովհ. 5։24, 25) [դ08 4/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
13. Երբ մխիթարիչին կամ ճշմարտութեան հոգիին կ’ակնարկէ, Յովհաննէս Յունարէն լեզուով ինչո՞ւ չէզոք դերանուն կը գործածէ Յովհաննէս 14։16, 17–ի մէջ, իսկ արական անձնական դերանուններ՝ Յովհաննէս 16։7, 8, 13, 14–ի մէջ։ [դ08 4/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
14. Յիսուս ինչո՞ւ Մարիամ Մագդաղենացիին ըսաւ որ իրեն չդպչի։ (Յովհ. 20։17) [դ08 4/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Յովհաննէսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
15. Ի՞նչ առումով Յիսուսի գալը պիտի ըլլար այն «նոյն ձեւով» որ երկինք համբարձաւ։ (Գործք 1։9-11, Երուսաղէմ) [rs էջ 342 պարբ. 4 (կամ՝ էջ 215 պարբ. 4, Արաբ.). it-1 էջ 186 պարբ. 8]