Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Յունիսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Եթէ այս գրքոյկը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ այս գիրքը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուի, կը յանձնարարենք որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ուսումնասիրուի։ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Եթէ տանտէրը արդէն այս հրատարակութիւնը ունի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը համառօտակի ցուցադրելով՝ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անկէ օգտուիլ։
◼ Որովհետեւ Օգոստոս ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Վերակացու տեսուչին կողմէ նշանակուած անհատ մը ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ՝ Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն համար։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։—Տես՝ Ժողովքի հաշուապահութեան մասին ցուցմունքներ (S-27)։
◼ Յանձնարարելի է որ կանոնաւոր ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկուին, ռահվիրայութիւնը սկսելու թուականէն առնուազն 30 օր առաջ։ Ժողովքին քարտուղարը վստահ պէտք է ըլլայ որ պատճենները ամբողջացած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողը իր մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չի յիշեր, թող մօտաւոր թուական մը որոշէ եւ զայն միշտ գործածէ։ Քարտուղարը այս մօտաւոր թուականը պէտք է արձանագրէ Ժողովքին հրատարակիչի արձանագրութիւնը (S-21) քարտին վրայ։
◼ Յունուար 2008–էն ի վեր, Անգլերէն ու Սպաներէն լեզուներով Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի ձայնագրութիւնները մատչելի եղած են www.pr418.com ցանցակայքին վրայ։ Շատեր կը նախընտրեն այս ձայնագրութիւնները համացանցէն փոխանցել, որոնք մատչելի կը դառնան՝ սկաւառակները ժողովքին հասնելէ առաջ։ Կազմակերպութիւնը իւրաքանչիւր փոխանցումի համար վճարում մը կ’ընէ։ Սակայն բաշխումի այս կերպը աւելի խնայողական է քան՝ սկաւառակներ արտադրելն ու առաքելը։ Հետեւաբար, պարբերաթերթերը համացանցէն փոխանցող հրատարակիչներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ պարբերաթերթերու ծառային միջոցաւ իրենց սկաւառակներու ապսպրանքը ջնջեն։ Յաւելեալ լեզուներով ձայնագրութիւններ աստիճանաբար մատչելի պիտի ըլլան www.pr418.com ցանցակայքին վրայ։