Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/08 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունիս 9–ով սկսող շաբաթ
  • Յունիս 16–ով սկսող շաբաթ
  • Յունիս 23–ով սկսող շաբաթ
  • Յունիս 30–ով սկսող շաբաթ
  • Յուլիս 7–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 6/08 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունիս 9–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

20 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Օգոստոս 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին վրայ, էջ 1։ Քննարկութեան վերջաւորութեան, ցուցադրութեամբ մը ցոյց տուր հրատարակիչ մը որ աճապարանօք կը ջանայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու նախապատրաստուիլ։ Ապա ցոյց տուր ուրիշ հրատարակիչ մը որ կը նախապատրաստուի, Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ ներկայացուած կարգ մը թելադրութիւնները նկատի առնելով։

15 վյրկ. «Առանց դադարելու քարոզէ»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։

Երգեցողութիւն թիւ 112

Յունիս 16–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Ներկաներուն յիշեցուր որ յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին, իրենց հետ բերեն Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր Յուլիս թիւերը, եւ նախապատրաստուին տեղական թաղամասին յարմար եղող ներկայացումներ նկատի առնելու։

15 վյրկ. ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԻՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ ՑՑՈՒՆ ԸՐԷ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գրքին վրայ, էջ 159։ Ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող մարդիկը ներկայիս ո՛ր հարցերով հետաքրքրուած են։ Անոնցմէ խնդրէ որ թելադրութիւններ տան թէ մեր ներկայացումներուն մէջ ի՛նչպէս կրնանք այսպիսի հետաքրքրութիւններ նկատի առնել։

20 վյրկ. «Ընտանիքդ վերապրումի համար կը պատրաստուի՞»։ Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարները մեկնաբանեն։

Երգեցողութիւն թիւ 10

Յունիս 23–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Յուլիս ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք հրատարակութիւնը նշէ եւ ներկայացում մը ցուցադրէ։

20 վյրկ. ՃՈԽ ԿԵԱՆՔ՝ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑԱՒ։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յունուար 2008 թիւին վրայ, էջ 17-19 (Անգլ.)։ Եթէ երկու կանոնաւոր ռահվիրաներ մատչելի են, մէկը՝ նորեկ, իսկ միւսը՝ տարիներ ծառայած, անոնց հետ հարցազրոյց ունեցիր։ Անոնք թող պատմեն թէ ծառայութեան այս թանկարժէք տեսակը ի՛նչպէս ճոխացուցած է իրենց կեանքը։

15 վյրկ. ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ ԸՆԹԱՑԻԿ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր Յուլիս թիւերուն ամփոփումը ներկայացնելէ ետք, ներկաներէն խնդրէ որ նշեն թէ ո՛ր յօդուածները կրնան տեղական թաղամասին մէջ մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժել եւ ինչո՛ւ։ Ո՞ր մասնայատուկ կէտերը կը ծրագրեն ուշադրութեան յանձնել։ Խօսակցութիւն մը սկսելու համար ի՞նչ հարցում կրնայ ուղղուիլ։ Ապա յօդուածին մէջի ո՞ր համարը կարելի է կարդալ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ներկայացումի նմոյշներ կամ ներկաներուն թելադրած մէկ ներկայացումը գործածելով, ցուցադրէ թէ իւրաքանչիւր պարբերաթերթ ի՛նչպէս կրնայ ներկայացուիլ։

Երգեցողութիւն թիւ 204

Յունիս 30–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 127

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

20 վյրկ. ԶՐՈՒՑԵԼՈՒ ՄԵՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գրքին վրայ, էջ 62, պարբերութիւն 4–էն մինչեւ էջ 64–ի վերջաւորութիւնը։ Նիւթը յարմարցուր տեղական թաղամասին։ Համառօտաբար հարցազրոյց ունեցիր հրատարակիչի մը հետ, որ ճանչցուած է՝ դռնէ դուռ ծառայութեան կամ անպաշտօն վկայութեան մէջ մարդոց հետ զրուցելու իր կարողութեամբ։

15 վյրկ. ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս։ Ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 2008 թիւին վրայ, էջ 29 (Անգլ.)։

Երգեցողութիւն թիւ 222

Յուլիս 7–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 172

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Երբ տանտէր մը օտար լեզու մը կը խօսի»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ժողովքը տեղեկացուր թէ ձեր թաղամասին մէջ ի՛նչ օտարախօս խումբեր կամ ժողովքներ ալ կը քարոզեն։ Նշէ թէ օտարախօս խումբերուն կամ ժողովքներուն հետ քարոզչութեան մէջ համագործակցելու համար ի՛նչ մասնայատուկ կարգադրութիւններ եղած են։

Երգեցողութիւն թիւ 14

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել