Ընտանիքդ վերապրումի համար կը պատրաստուի՞
1 Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւնները համոզիչ ապացոյց կը հայթայթեն թէ այս չար աշխարհը արագօրէն իր վախճանին կը մօտենայ։ Այժմ կ’ապրինք ճակատագրական ժամանակներու մէջ, որոնք շատ նման են Ջրհեղեղէն առաջ տիրող ժամանակներուն։ (Մատ. 24։37-39) Նոյ այդ վաղեմի աշխարհի կործանումէն վերապրեցաւ, քանի որ «Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդ. 6։9) Վստահաբար, Նոյ իր ընտանիքին Եհովայի ճամբաները սորվեցուցած էր, որովհետեւ անոնք ալ վերապրեցան։ Ի՞նչպէս կրնանք Նոյը ընդօրինակել եւ ընտանեօք նախապատրաստուիլ իրերու այս ներկայ չար դրութեան վախճանէն վերապրելու համար։
2 Արդարութեան քարոզիչ. Նոյ որպէս «արդարութեան քարոզիչ» մը յարատեւեց շուրջ 40-50 տարի։ (Բ. Պետ. 2։5) Իր դրացիները, նիւթականացած ըմբոստ հրեշտակներու ազդեցութեան ներքեւ եղած ըլլային կամ ոչ, իր քարոզչութիւնը ծաղրած ըլլալու էին։ Յաճախ մարդիկ մեր ծառայութեան նկատմամբ անտարբեր են եւ զայն ծաղր կ’ընեն, ապացուցանելով թէ իրերու այս դրութեան վախճանը մօտ է։ (Բ. Պետ. 3։3, 4) Սակայն, Նոյի օրուան մարդոց հակառակը, շատեր մեր ջանքերուն կ’ընդառաջեն եւ ‘հեղեղի պէս կը դիմեն’ Եհովայի պաշտամունքին։ (Եսա. 2։2) ‘Մենք մեզ եւ մեզի մտիկ ընողները պիտի ապրեցնենք’ միա՛յն եթէ յարատեւենք։ (Ա. Տիմ. 4։16) Ո՜րքան կենսական է որ ծնողներ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն քարոզչութեան ստիպողականութիւնը, թէ՛ խօսքով եւ թէ օրինակով։—Բ. Տիմ. 4։2
3 Ան «ճիշդ այդպէս ըրաւ». Նոյի եւ իր ընտանիքին վերապրումը Եհովայի հրահանգներուն ուշադրութեամբ հետեւելէն կախեալ էր։ (Ծննդ. 6։22, ՆԱ) Ներկայիս ալ կարեւոր է որ Աստուածաշունչէն ու հաւատարիմ ծառայէն եկած ուղղութեան ‘հլուօրէն’ հնազանդինք։ (Յակ. 3։17) Ընտանիքի մը չափահաս զաւակները կը մտաբերեն թէ իրենց հայրը ի՛նչպէս գործադրեց Եհովայի կազմակերպութենէն եկած թելադրութիւնները։ Օրինակ, ինչպէս յանձնարարուած է, ան ամէն շաբաթ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը վարեց եւ ամէն շաբաթավերջին իր ընտանիքը ծառայութեան տարաւ։ Ան ջանաց ամէն շաբաթ իր զաւակներէն մէկուն հետ ծառայութեան մասնակցիլ։ ‘Ճիշդ այդպէս ընելու’ մէջ իր հաստատամտութիւնը, խոր տպաւորութիւն մը ձգեց իր զաւակներուն վրայ, եւ վեց զաւակներն ալ երբ մեծցան՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ եղան։
4 Իրերու այս դրութեան վախճանը յանկարծաբար պիտի գայ։ (Ղուկ. 12։40) Նոյը ընդօրինակելով եւ փրկութեան համար հաւատք ընծայելով, մենք ու մեր ընտանիքը վստա՛հաբար պատրաստ պիտի ըլլանք։—Եբր. 11։7