Առանց դադարելու քարոզէ
1 Երբեմն, կրնանք զգալ թէ մեր թաղամասը բազմիցս ու լիովին ծածկելով հանդերձ, շատ քիչ ընդառաջում եղած է։ Սակայն համոզիչ պատճառներ կան որ շարունակենք քարոզել։—Մատ. 28։19, 20
2 Վկայութեան համար. Յիսուս նախագուշակեց թէ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը «իրերու դրութեան վախճան»ի բաղադրեալ նշանին կարեւոր մէկ մասը պիտի ըլլայ, եւ թէ անիկա պիտի կատարուի՝ «բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» համար։ (Մատ. 24։3, ՆԱ, 14) Երբ մարդիկ մեզ տեսնեն որ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք, զօրաւոր վկայութիւն մը տրուած կ’ըլլայ։ Շրջանէն հեռանալէն ետք, ոմանք մեր այցելութեան մասին կրնան ժամերով կամ օրերով խօսիլ, նոյնիսկ եթէ մեր պատգամին մտիկ չըրին։ Մեր քարոզչութեան պատճառները հասկնալը մեզի կ’օգնէ որ յարատեւենք։ Վկայութիւն մը տալով եւ ազդարարական պատգամ մը ծանուցանելով՝ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարման մէջ բաժին բերած կ’ըլլանք, բան մը որ Եհովան կը հաճեցնէ։—Բ. Թես. 1։6-9
3 Յարատեւելու կարիք կայ. Քանի որ մարդիկ շատ զբաղումներ եւ առօրեայ բազմաթիւ պահանջներ ունին, մեզմէ պահանջուած է որ յարատեւենք երբ կը ջանանք անհատի մը հետաքրքրութիւնը մշակել։ Վկաները ամբողջ տարի մը, ամէն շաբաթ, կնոջ մը այցելութիւններ տալէ ետք, ան որոշեց զանոնք ներս հրաւիրել աստուածաշնչական խօսակցութիւն մը ունենալու համար։ Ան իր լսածը ա՛յնքան սիրեց որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց, սկսաւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ, եւ շատ չանցած մկրտուելու փափաք յայտնեց։
4 Աշխարհի վիճակները արագօրէն կը փոխուին, նաեւ՝ մարդիկ։ Անցեալին մեր այցելութիւնը մերժողներէն շատեր, թերեւս հիմա ընդունին մեր բաժնած թարմացուցիչ յոյսը։ Եթէ միա՛յն մէկ հոգի Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջէ, մեր յարատեւութիւնը ի դերեւ պիտի չելլէ։
5 Համայն աշխարհի մէջ, հետզհետէ աւելի անհատներ ‘եղած բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’։ (Եզեկ. 9։4) Թագաւորութեան քարոզչութեան արդիւնքները կ’ապացուցանեն թէ արդարամիտ անհատները Թագաւորութեան պատգամին կ’ընդառաջեն։ (Եսա. 2։2, 3) Հետեւաբար, շարունակենք առանց դադարելու քարոզել, ‘բարութեան աւետիս բերելու’ մէջ սիրալիրօրէն յարատեւելով։—Եսա. 52։7. Գործք 5։42