Մեր ծառայութիւնը՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ’արտացոլացնէ
1. Աստուծոյ սէրը Յիսուսը մղեց ի՞նչ ընելու։
1 Սէրը Յիսուսը մղեց իր ծառայութիւնը կատարելու։ Յիսուսի ծառայութեան իւրաքանչիւր երեսակ անուրանալիօրէն կ’ապացուցանէ Եհովայի հանդէպ իր սէրը։ Յիսուս ըսաւ. «Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ» (Յովհ. 14։31)։ Որպէս Յիսուսի շաւիղներուն հետեւողներ, մենք ալ ծառայութեան մէջ Աստուծոյ հանդէպ մեր խոր սէրը արտայայտելու առանձնաշնորհումը ունինք (Մատ. 22։37. Եփ. 5։1, 2)։
2. Եհովայի սէրը ի՞նչպէս մեր ծառայութեան կ’ազդէ։
2 «Քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ Երբ ամէն առիթ կ’օգտագործենք՝ նախանձախնդրօրէն Եհովայի ու իր Թագաւորութեան կարգադրութեան մասին ուրիշներուն խօսելու, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք եւ իր անուան սրբացման կը նպաստենք (Սաղ. 83։18. Եզեկ. 36։23. Մատ. 6։9)։ Յիսուսի ծառայութեան պէս, մեր ծառայութիւնը շարունակ կը դրսեւորէ մեր անկեղծ փափաքը, որ Եհովայի անունը սրբացուի եւ իր կամքը կատարուի (Մատ. 26։39)։
3. Եհովայի սէրը ի՞նչ կերպով մեզի կ’օգնէ խոչընդոտներ յաղթահարելու։
3 Սէրը մեզ կը մղէ խոչընդոտներ յաղթահարելու։ Եհովայի հանդէպ սէրը բոլոր խոչընդոտները կը գերազանցէ (Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Յիսուս բազմաթիւ պարագաներ դիմագրաւեց, որոնք կրնային զինք ետ կեցնել իր ծառայութիւնը կատարելէ։ Սակայն արգելքներու դիմաց, անոր խոր սէրը եւ Եհովայի կամքը ընելու ցանկութիւնը, օգնեցին որ յաղթէ (Մար. 3։21. Ա. Պետ. 2։18-23)։ Մենք նոյնպէս բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, զորս կրնանք Աստուծոյ սիրով յաղթահարել։ Քրիստոսի օրինակին սերտօրէն կառչելով, կրնանք մեր ծառայութիւնը կատարելու մէջ ինքնավստահ եւ անվեհեր զգալ։ Թէեւ ընտանեկան հակառակութիւնը, վատառողջութիւնը, յառաջացած տարիքը կամ մարդոց անտարբերութիւնը կրնայ մեզի ազդել, սակայն կը շարունակենք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերել, մեր ծառայութիւնը կարելի եղածին չափ ազդուօրէն կատարելով։
4. Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչ առանձնաշնորհում կու տայ մեզի։
4 Սէրը զօրաւոր է, եւ ի՜նչ օրհնութիւն է որ ծառայութեան միջոցով արտացոլացնենք Աստուծոյ հանդէպ մեր սրտագին սէրը (Ա. Կոր. 13։13)։ Մինչ արագօրէն կը մօտենանք այն ժամանակին, երբ Եհովայի անունը միանգամ ընդմիշտ պիտի սրբացուի, թող մեր «սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ» (Փլպ. 1։9. Մատ. 22։36-38)։