Տղամարդոց վկայութիւն տանք
1. Թագաւորութեան շահերուն հոգ տանելու մէջ ի՞նչ ստիպողական կարիք գոյութիւն ունի։
1 Մինչ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործը այս վերջին օրերուն կը շարունակէ աւելնալ, ստիպողական կարիք կայ, որ հոգեւորապէս որակեալ տղամարդիկ առաջնորդութիւնը առնեն (Մար. 4։30-32. Գործք 20։28. Ա. Տիմ. 3։1-13)։ Այսուհանդերձ, կարգ մը շրջաններու մէջ, սակաւաթիւ տղամարդիկ Թագաւորութեան պատգամը կ’ընդունին։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, տղամարդիկ հոգեւոր հարցերը եւ զաւակներուն կրօնական դաստիարակութիւնը իրենց կիներուն կը վստահին։ Ի՞նչպէս կրնանք աւելի մեծ թիւով տղամարդիկ քաջալերել, որ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակցին ու ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ մեզի միանան։
2. Տղամարդոց վկայելու Պօղոսի ու Պետրոսի ջանքերը ի՞նչպէս լաւ արդիւնք տուին։
2 Տղամարդիկ փնտռէ։ Երբ ընտանիքի հայր մը ճշմարտութիւնը ընդունի, ան յաճախ ընտանիքին միւս անդամները կը խթանէ մաքուր պաշտամունքին միանալու։ Օրինակ, երբ Պօղոս ու Շիղա իրենց քարոզչութեան պատճառաւ բանտարկուած էին, բանտապահին վկայեցին։ Այս մարդը եւ իր ամբողջ ընտանիքը մկրտուեցան (Գործք 16։25-34)։ Կորնթոսի մէջ Պօղոսի քարոզչութեան շնորհիւ, «ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը» (Գործք 18։8)։ Պետրոս Եհովայի կողմէ գործածուեցաւ հարիւրապետ Կոռնելիոսի վկայելու, որ նկարագրուած է որպէս «բարեպաշտ ու աստուածավախ» մարդ մը։ Կոռնելիոս, իր ազգականներուն եւ մտերիմ բարեկամներուն հետ մէկտեղ, մկրտուեցաւ (Գործք 10։1-48)։
3. Փիլիպպոսի նման, ո՞ր «իշխաններ»ուն կրնաս վկայութիւն տալ։
3 «Իշխաններ»ուն վկայելը կրնայ հեռահաս ազդեցութիւններ ունենալ (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։ Օրինակ, Եհովայի հրեշտակը Փիլիպպոսի ըսաւ որ խօսի «իշխան»ի մը, որ եթովպիացիներու թագուհիին բոլոր գանձերուն վերակացուն էր։ Երբ Փիլիպպոս լսեց թէ ան «Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար», անոր բացատրեց Յիսուսի վերաբերեալ բարի լուրը։ Եթովպիացին աշակերտ մը եղաւ եւ հաւանաբար դէպի հայրենիք իր վերադարձի ճամբուն վրայ բարի լուրը տարածեց։ Ան թերեւս թագուհիին եւ պալատականներուն վկայեց, որոնք այլապէս բարի լուրը լսելու շատ քիչ հաւանականութիւն ունէին (Գործք 8։26-39)։
4. Ի՞նչպէս կրնանք տղամարդոց աւելի պատեհութիւններ տալ, որ բարի լուրը լսեն։
4 Աւելի շատ տղամարդոց քարոզէ։ Որովհետեւ տղամարդիկ յաճախ օրուան ընթացքին աշխատավայր կը գտնուին, կրնա՞ս յայտագիրդ յարմարցնել, որպէսզի երեկոները, շաբաթավերջերուն կամ արձակուրդներուն, ծառայութեան մէջ աւելի ժամանակ անցընես։ Առեւտրական շրջաններու մէջ կանոնաւորաբար քարոզելը, քեզի յաւելեալ պատեհութիւններ պիտի տայ վկայելու տղամարդոց, որոնք հազուադէպ տունը կ’ըլլան։ Եղբայրները կրնան նաեւ մասնայատուկ ջանք թափել, որ անպաշտօն կերպով արու գործակիցներուն վկայեն։ Տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին, յատկապէս այն թաղամասին մէջ՝ ուր յաճախ կը քարոզուի, եղբայրները երբեմն կրնան խնդրել որ տան գլուխին հետ խօսին։
5. Քոյր մը ի՞նչ պէտք է ընէ, երբ տղամարդ մը Թագաւորութեան պատգամին նպաստաւոր կերպով ընդառաջէ։
5 Եթէ քոյր մը ճշմարտութեամբ հետաքրքրուող տղամարդու մը հանդիպի, առանձին պէտք չէ վերայցելութիւն ընէ։ Ան կրնայ իրեն հետ իր ամուսինը կամ ուրիշ հրատարակիչ մը տանիլ։ Երբ հետաքրքրուած անհատը յառաջդիմէ, ընդհանրապէս լաւագոյն քայլն է՝ վերայցելութիւնը յանձնել որակեալ եղբօր մը։
6. Ի՞նչպէս կրնանք Պօղոս առաքեալը ընդօրինակել, որպէսզի ‘շատերը շահինք’։
6 Տղամարդիկը հետաքրքրող թեմաներ ընտրէ։ Պօղոս առաքեալ ունկնդիրները նկատի կ’առնէր եւ իր մօտեցումը կը յարմարցնէր, որպէսզի կարենար ‘շատերը շահիլ’ (Ա. Կոր. 9։19-23)։ Նմանապէս, պէտք է նկատի առնենք թէ ո՛ր թեմաները կրնան մեր հանդիպած տղամարդիկը հետաքրքրել եւ ըստ այնմ պատրաստուինք։ Օրինակ, տղամարդիկ յաճախ կը հետաքրքրուին տնտեսական խնդիրներով, լաւ կառավարութեամբ եւ իրենց ընտանիքին ապահովութեամբ։ Անոնք նաեւ կրնան հետաքրքրուած ըլլալ կեանքի նպատակով, երկրագունդի ապագայով եւ թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։ Թագաւորութեան պատգամին մեր ներկայացումը աւելի լաւ կ’ընդունուի, եթէ մեր մօտեցումը այսպիսի խորատեսութիւն դրսեւորէ (Առ. 16։23)։
7. Ի՞նչպէս ժողովքի բոլոր անդամները կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ անհաւատ ամուսիններու վրայ, որոնք ժողովի մը ներկայ կը գտնուին։
7 Անհաւատ ամուսիններուն օգնելու նախաքայլը առ։ Թէեւ մեր քրիստոնեայ քոյրերուն ընտիր վարքը յաճախ մեծ ազդեցութիւն կը բանեցնէ իրենց անհաւատ ամուսիններուն վրայ, սակայն ժողովքին անդամներն ալ կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ (Ա. Պետ. 3։1-4)։ Երբ անհաւատ կողակից մը իր կնոջ հետ ժողովի գայ, ժողովքի անդամներուն կողմէ իր ստացած ջերմ ընդունելութիւնը, զօրաւոր վկայութիւն մը պիտի ըլլայ։ Անոր ներկայութիւնը հաւանաբար ճշմարտութեան հանդէպ որոշ չափով հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ, եւ թերեւս ան յօժարի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունիլ։
8. Եղբայրները ի՞նչպէս կրնան ճշմարտութեան հանդէպ քիչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած անհաւատ ամուսիններու օգնել։
8 Միւս կողմէ, կարգ մը ամուսիններ, սկիզբը հոգեւոր բաներու հանդէպ քիչ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, բայց ի վերջոյ կրնան ընդունիլ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եղբօր մը հետ, որուն ներկայութեան հանգիստ կը զգան։ Ժողովքի մը մէջ, ուր եղբայրները ատենը անգամ մը՝ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մը այցելութիւն կու տային, նպատակ դրին անհաւատ ամուսինին հետ խօսակցիլ զինք հետաքրքրող նիւթերուն շուրջ։ Ասիկա վերջապէս հոգեւոր զրոյցներու առաջնորդեց, եւ այժմ ան մկրտուած է։ Իսկ այլ եղբայր մը օգնեց ընկերային բնաւորութեան տէր անհաւատ ամուսինի մը, որ տան շուրջ ցանկապատ շինէ։ Այս կերպով անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ (Գաղ. 6։10. Փլպ. 2։4)։ Եթէ քրիստոնեայ եղբայր մըն ես, ինչո՞ւ չփորձես մէկ կամ աւելի անհաւատ ամուսիններու օգնել։
9. Քրիստոնեայ տղամարդոց մարզումը ի՞նչ արդիւնք կրնայ ունենալ։
9 Ապագային համար մարզէ։ Թագաւորութեան պատգամին ընդառաջող եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ առանձնաշնորհումներու ձգտող տղամարդիկը կրնան ի վերջոյ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոցմէ’ մէկը ըլլալ,– քրիստոնեայ երէցներ, որոնք Եհովայի ժողովուրդին ժողովքներուն ի նպաստ կը գործածեն իրենց հմտութիւններն ու կարողութիւնները (Եփ. 4։8. Սաղ. 68։18)։ Այս տղամարդիկը յօժարութեամբ ու սրտանց ժողովքը կը հովուեն (Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Անոնք ամբողջ եղբայրութեան համար մե՜ծ օրհնութիւն մը կ’ըլլան։
10. Պօղոսի օգնելու Անանիայի ջանքը ի՞նչպէս շատերու օգտակար եղաւ։
10 Օրինակ, Սօղոս «հեթանոսներուն առաքեալ» եղաւ, թէեւ ատեն մը քրիստոնեաները կը հալածէր (Հռով. 11։13)։ Անանիա աշակերտը սկիզբը ասոր պատճառաւ տատամսեցաւ Սօղոսի քարոզելու։ Այսուհանդերձ, Անանիա Տէրոջ ուղղութեան հետեւեցաւ եւ խօսեցաւ այն մարդուն, որ ի վերջոյ Պօղոս առաքեալը եղաւ։ Տարիներու ընթացքին, Պօղոսի ծառայութիւնը օգտակար դարձաւ իր քարոզչութիւնը լսող հազարաւորներու եւ իր ներշնչեալ նամակները կարդացող միլիոնաւորներու (Գործք 9։3-19. Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
11. Ինչո՞ւ տղամարդոց վկայելու համար հարկ եղած ամէն ճշդում պէտք է ընենք։
11 Հետեւաբար, տղամարդոց վկայելու մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար հարկ եղած բոլոր ճշդումները ըրէ։ Մինչ այս նպատակին հետամուտ կ’ըլլանք, վստահ ենք որ Եհովա իր կամքը ընելու եւ Թագաւորութեան շահերուն հոգ տանելու մեր ժրաջան ջանքերը պիտի օրհնէ։