Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/10 էջ 5-6
  • Կրնա՞ս ջանալ անհաւատ կողակիցի մը օգնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞ս ջանալ անհաւատ կողակիցի մը օգնել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բաժնուած ընտանիքի մէջ կարելի է ուրախ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ճշմարտութիւնը չի բերեր ‘խաղաղութիւն, հապա՝ սուր’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Տղամարդոց վկայութիւն տանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • ‘Միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալը տակաւի՞ն իրապաշտական է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 11/10 էջ 5-6

Կրնա՞ս ջանալ անհաւատ կողակիցի մը օգնել

1. Բաժնուած ընտանիքներու մէջ ապրող քրիստոնեաները ինչո՞ւ միակը չեն, որ հետաքրքրուած են իրենց անհաւատ կողակիցներուն օգնելով, որ ճշմարտութիւնը ընդունին։

1 Ժողովքիդ հրատարակիչներէն ոմանք անհաւատ ամուսին կամ կին մը ունի՞ն։ Եթէ այս է պարագան, անկասկած այս հրատարակիչները կը փափաքին, որ իրենց կողակիցները ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ իրենց միանան։ Բայց փափաքողները միայն անոնք չեն։ Ամբողջ ժողովքը կ’արտացոլացնէ Աստուծոյ փափաքը, որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ջանալ մեր ժողովքի հրատարակիչներուն անհաւատ կողակիցներուն օգնել։

2. Խորատեսութիւն ունենալը ինչպէ՞ս մեզի պիտի օգնէ, որ անհաւատ կողակիցի մը օգնենք։

2 Նախ, պէտք է փորձենք հարցերը դիտել անհաւատին տեսանկիւնէն։ Անհաւատ կողակիցներէն շատեր իրենց ընտանիքը կը սիրեն ու կը ջանան լաւ լծակից ու ծնող մը ըլլալ։ Թերեւս անոնք սրտանց կը կառչին կրօնական հաւատալիքներու, որոնք մերինէն տարբեր են։ Անոնք Եհովայի վկաներու մասին շատ չեն գիտեր, բացի այն բաներէն՝ զորս անտեղեակ կամ նախապաշարուած ընկերակիցներ իրենց պատմած են։ Ոմանք կը դժգոհին որ իրենց կողակիցը պաշտամունքի համար ժամանակ կը տրամադրէ, զոր նախապէս ընտանիքին կը յատկացնէր։ Խորատեսութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ անհաւատի մը հետ ազնուօրէն ու յարգանքով վարուինք եւ իր ներկայութեան անտեղիօրէն ջղագրգիռ ըլլալէ խուսափինք (Առ. 16։20-23)։

3. Անհաւատ մը շահելու լաւագոյն միջոցը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։

3 Անձնական հետաքրքրութիւն։ Անհաւատ կողակից մը ճշմարտութեան կողմը շահելու լաւագոյն միջոցը, առնուազն սկիզբը, կրնայ մեր արարքները ըլլալ, եւ ոչ թէ աստուածաշնչական քննարկումը (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Այս առնչութեամբ կարեւոր է անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։ Ժողովքին մէջ քոյրերը կրնան անհաւատ կնոջմով մը հետաքրքրուիլ, իսկ եղբայրները՝ անհաւատ ամուսինով մը։ Ինչպէ՞ս։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։

4 Եթէ տակաւին անհաւատ կողակիցին չես ծանօթացած, թերեւս կրնաս այս քայլը առնել՝ քրիստոնեայ կողակիցին կարծիքը հարցնելէ ետք։ Յուսախաբ մի՛ ըլլար, եթէ անհաւատին սկզբնական ընդառաջումը գաղջ է։ Մեր բարեկամական ըլլալը եւ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելը կրնան զինք մղել, որ Եհովայի վկաներու մասին աւելի նպաստաւոր կերպով խորհի (Հռով. 12։20)։ Կարգ մը հասուն քրիստոնեաներ անհաւատ մը եւ իր ընտանիքը ճաշի հրաւիրած են, անոր աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ որեւէ նախապաշարում վանելու համար։ Անոնք խօսած են զինք հետաքրքրող բաներու մասին, փոխանակ հոգեւոր նիւթերու վրայ կեդրոնանալու։ Յետագային, երբ անհաւատը աւելի հանգիստ զգայ, աստուածաշնչական զրոյց մը կարելի է ունենալ։ Կամ թերեւս ան մեր ժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուելու հրաւէր մը ընդունի, տեսնելու համար թէ իր կինը ի՛նչ կը սորվի, մանաւանդ որ արդէն ժողովքէն ոմանք կը ճանչնայ։ Նոյնիսկ եթէ ան ճշմարտութիւնը հետազօտելու պատրաստ չըլլայ, վստահաբար կարելի է զինք գովել իր հաւատացեալ կողակիցին թիկունք կանգնելուն համար։

5. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան ջանալ անհաւատի մը օգնել։

5 Յատկապէս երէցները պէտք է ջանան անհաւատ կողակիցներուն օգնել եւ վկայութիւն մը տալու պատեհութիւններուն նկատմամբ արթուն ըլլան։ Անհաւատ մը, որ Աստուածաշունչի քննարկութեան մը չէ ընդառաջած, թերեւս աստուածաշնչական քաջալերութեան մը ականջ տայ, երբ հիւանդանոց գտնուի կամ առողջապահական լուրջ խնդիրներ դիմագրաւէ։ Եթէ բաժնուած ընտանիք մը տագնապ մը դիմագրաւէ, ինչպէս՝ ընտանիքի մէկ անդամին մահը, երէցները կրնան անհաւատը հրաւիրել որ ներկայ գտնուի, երբ ընտանիքը մխիթարեն։

6. Անհաւատ կողակիցներուն օգնելու ի՞նչ պատճառներ կան։

6 Երեւակայէ մեր ժողովքին պատկանող քրիստոնեայի մը ուրախութիւնը, եթէ իր կողակիցը ընդառաջէ եւ ճշմարտութիւնը ընդունի։ Այսպիսի ուրախ դէպք մը նաեւ մեծապէս պիտի ուրախացնէ Եհովան, հրեշտակները եւ ժողովքին միւս անդամները (Ղուկ. 15։7, 10)։ Սակայն եթէ անհաւատը սկիզբը չընդառաջէ, տակաւին կրնանք ուրախանալ որ մեր յարատեւ ջանքերը Եհովան կը հաճեցնեն, որ «չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9)։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Անհաւատ կողակից մը ճշմարտութեան կողմը շահելու լաւագոյն միջոցը, առնուազն սկիզբը, կրնայ մեր արարքները ըլլալ, եւ ոչ թէ աստուածաշնչական քննարկումը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել