Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 սեպտեմբեր
«Շատեր կը վախնան որ կորիզային պատերազմ մը կամ կլիմայի փոփոխութիւն մը երկրագունդը պիտի քանդէ կամ կործանէ։ Կը խորհի՞ս թէ ասիկա տեղի պիտի ունենայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ի՛նչ կ’ըսէ։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 11։18–ը]։ Այս պարբերաթերթը աշխարհի վախճանին վերաբերեալ չորս սովորական հարցումներու կը պատասխանէ»։
Դիտարան 1 հոկտեմբեր
Մարդիկը մտահոգող տեղական լուր մը նշէ, ապա ըսէ. «Բնաւ հարց տուա՞ծ ես, թէ մարդիկ ինչո՛ւ այսպիսի գէշ բաներ կ’ընեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը յոյսի պատճառ մը կու տայ մեզի։ [Կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։13–ը։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը չարութեան պատճառներուն մասին ի՛նչ կ’ըսէ եւ թէ Աստուած ինչպէ՛ս շուտով չար արարքներուն վերջ պիտի դնէ»։